image

Հայերէնը կը զուարճանայ (163)

Հայերէնը կը զուարճանայ (163)
  1. Շնորհաւորանք՝

«Նոր Յառաջ»-ին՝ հաշւուած բառը ճիշդ գրելուն համար.

 *    *   *

Եւ «Յուսաբեր»-ին՝ տեղեկատւութիւն  ճիշդ կիրարկութեան համար:

  1.  Ինչպէ՞ս գրել ազգերու անունները՝ մեծատառո՞վ, թէ՞ փոքրատառով:

Մեր մէջ հանրօրէն ու աւանդականօրէն  ընդունուած  է փոքրատառով գրութիւնը՝ հայ, արաբ, չինացի եւ այլն:

Ֆրանսերէնի մէջ նոյն բառով  կը բնորոշեն ազգութիւնն ու լեզուն. ըստ այնմ ալ՝  կը գլխագրեն ազգութիւնը՝ Français-ֆրանսացի, լեզուն կը գրեն փոքրատառ՝ français-ֆրանսերէն. այս վերջինը նաեւ ածական է՝ ֆրանսական:

Անգլերէնն ու ամերիկերէնը կը գլխագրեն բոլորը՝ ազգութիւնը, լեզուն եւ ածականը հաւասարապէս՝ English-American:

Աչքը սիրեմ հայերէնին, որ ասոնց մէկ հատին դէմ ունի երեքը՝ հայ, հայերէն, հայկական: Ոչ մէկ շփոթ,  ուրեմն ուղղագրական ոչ մէկ երկւութիւն: 

Կը մնայ, որ մուրացածոյ չմսխենք այս հարստութիւնը՝ կապկելով օտար բարքեր եւ գլխագրելով այս երեքէն մէկը կամ միւսը:

2.Միայն...՝

Ուշի-ուշով  կարդանք հետեւեալ երկուքը...

--Մէկ տարուան մէջ միայն 750 ոճիր գործուած է:

--Միայն մէկ տարուան մէջ 750 ոճիր գործուած է:

Որքան ալ ուշադիր ըլլանք, առաջին նուագ  պիտի թուի մեզի, թէ նոյն բանը կ’ըսեն ասոնք, մանաւանդ որ կը բովանդակեն բոլորովին   նո՛յն բառերը:

 Այո, երբեմն բառերը այնքան խաբուսիկ են ու կը յաջողին մոլորեցնել մեր բանականութիւնը:

Իսկ իրողութիւնը այն է, որ այս երկուքը իրարու բոլորովին հակառակ իմաստ կ’արտայայտեն: Բառախաղ չեմ ըներ, ոչ ալ ընթերցողը գայթակղեցնելու նպատակ ունիմ:

Այս հակադրութիւնը, այս հակասութիւնը կը պարտինք միայն բառի դիրքային, այսինքն՝  շարադասական տարբերութեան:

Ուրեմն երկուքն ալ կը յայտնեն մէկ տարուան մէջ այսինչ տեղ պատահած ոճիրներուն թիւը, որ նոյնն է՝  750:

Բայց ահա առաջին նախադասութեան մէջ այդ  750-ը թերգնահատուած է. խօսողը կը գտնէ, որ գործուած ոճիրներուն թիւը... համեստ է. այդ համեստութիւնը  թելադրողը միայն մակբայակերպ բառն է. ըսել կ’ուզուի՝ եղածը-չեղածը 750 ոճիր է, մի՛այն 750:

Մինչդեռ երկրորդը տեղեկագրողին համար այդ թիւը  գերագնահատուած է,  շատ կը գտնէ, այսինքն՝ մեծ կը թուի՝ յարաբերաբար  այն ժամանակին, որ մի՛այն մէկ տարի է, որուն ընթացքին գործուած են այդ ոճիրները:

Տեղ մը ոճիրներուն թիւը համեստ է, տեղ մը՝ ժամանակը համեստ է:

Ահա այս բացատրութեան լոյսին տակ վերընթերցեցէք  զոյգ նախադասութիւնները, եւ աւելի ճիշդ պիտի ըմբռնէք զանազանութիւնը... եթէ իսկապէս չէիք ընբռնած, ինչպէս զայն անվարան եւ ակնթարթային կ’ըմբռնեն մեր լրագողները, մեր էլիտան, մեր ինտելիգենցիան:

 3. Մենք կը հաճոյանանք ըսելով, որ հայերէնի շարադասութիւնը ազատ է...

Ճիշդ է, ազատ է, շատ աւելի ազատ, քան մեզ շրջապատող հին ու նոր բոլոր ծանօթ լեզուները, սակայն ամէն ազատութիւն ունի  իր սանձերը, որոնք տեղին համեմատ պէտք է յարգուին: Կարելի է նոյնիսկ ըսել, թէ այդ նոյն ազատութեան հետեւանք է այն երկիմաստութիւնը, որ կը գտնուի բերուած օրինակներուն միջեւ:

Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ որքան ուշադիր պէտք է կիրարկել  այս բառը՝ միայն-ը, որ իր անմեղ տեսքով կրնայ գայթակղեցնել թէ՛ գրողը, թէ՛ խօսողը, մա՛նաւանդ՝ խօսողը,  քանի որ գրելու  ատեն քիչ թէ շատ մեր գրածին հետեւելու, թէկուզ վերընթերցելու, ուստի աւելի արթուն ըլլալու առիթ կ’ունենանք, մինչ խօսելու ատեն  նման առաւելութիւն չունինք: Միայն առաւել զգուշութիւնը կրնայ ճիշդ ուղղորդել մեզ:

Միայն-ը, իբրեւ խօսքի մաս, կը կոչուի «եղանակաւորող բառ»:

Այս եւ նմանները կը ծառայեն արտայայտելու խօսողին կամ գրողին դատողութիւնը կամ վերաբերումը  իր սեփական միտքերուն հանդէպ: Եւ իրօք ալ՝ առաջին նախադասութեան ենթական կը գտնէ,  կը դատէ, որ գործուած ոճիրներուն թիւը փոքր է, համեստ է,  մինչ   երկրորդինը կը գտնէ, կը դատէ, որ  այդ  թիւը է մեծ: 

                                                                                *   *   *

Այս նոյն վերաբերումը ցոյց կու տայ ընդամէնը բառը եւս, որ նմանապէս վերաբերական մըն է. բերուած օրինակներուն մէջ կրնանք միայն-ը ազատօրէն փոխարինել ընդամէնը-ով. այսպէս՝

--Մէկ տարուան մէջ ընդամէնը 750 ոճիր գործուած է:

--Ընդամէնը  մէկ տարուան մէջ 750 ոճիր գործուած է:

Այս երկուքը ամէն տեսակէտով համարժէք են նախորդ երկուքին:

4.Ամերիկեան ոտնձգութիւն

Ամերիկա,− իմա՝ Միացեալ Նահանգները,− կը շարունակէ իր  անարգել ոտնձգութիւնը հայոց լեզուի հանդէպ՝ խաթարելով մեր լեզուամտածողութիւնը՝ մերթ եզակի ներկայանալով, մերթ յոգնակի:

Հրամեր էք.

--Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կ’աջակցին (յոգնաակի) Հայաստանի գերշխանութեան («Ազդակ», 4/3/2024, էջ 1): 

Երկու տող անդին.

--Միացեալ նահանգներ ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ (եզակի):

                                                                *   *   *

Ահա աւելի քան քսան տարի է կը շարունակուի   լեզուական այս անարգ  նախայարձակումը՝ ագրեսսիան,  հակառակ մեր բազմակի զգուշացումներուն, եւ նոյն հետեւողականութեամբ՝ դեմոկրատ եղեր են թէ հանրապետական, Թրամփ  թէ Պայտըն՝ նո՛յն մետաղադրամին   մէկը դիմերեսն է, միւսն ալ դարձերեսը.  մէկը ա՛ռ, միւսին զարկ, եւ  թիթեղի նոյն ձայնը պիտի լսես:

Առաջարկ.

--Յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ պայման դնել  այս ախոյեաններուն եւ սակարկել հայկական քուէները.  սրբագրութի՛ւն՝ ձայնի փոխարէն, այլապէս հրաժարիլ ընտրութիւններէն:

--Առ այս հիմակուընէ գործի լծել Հայ դատի գրասենեակները:

--Դիմել նաեւ  դեսպանատուն՝  օր. Լիլիթ Մակունցին, որ իր ամբողջ կշիռը ի գործ  դնէ ու  փորձէ  հասկցնել առ որ անկ է, թէ կարելի  չէ այսպէս շարունակել:

Կը յաջողի՞նք:  Չենք գիտեր, սակայն մեր կարելին փորձած կ'ըլլանք ու գոնէ  լաւ դաս մը տուած կ’ըլլանք  այս անուղղայ yankee-ներուն

Մրցոյթ 160.

***Երկու բառով լրացո՛ւր  հայկական հետեւեալ ասացուածքը.

---Անուշ հոտը վարդէն կ’ելլէ, անուշ խօսքը  մարդէն կ’ելլէ:

***Հետեւեալին ո՞ր երկու բառերը կարելի է եզակի դարձնել.

---Միացեալ Նահանգներ չի պատրաստուիր զօրք ուղարկել Ուքրանիա:

*** Արմէնպրեսի հետեւեալ նախադասութեան ո՞ր բառը կը փոխէիր.

---ՆԱՏՕ-ն կը խուսափի  Ուքրանիայի պատճաժով Ռուսաստանի հետ անմիջական հակամարտութեան մեջ ներքաշուելէ:

***Վերաշարադասէ՛  հետեւեալը.

---Միջնորդութեան ջանքերը  արձանագրեցին շարք մը զարգացումներ:

***Ջնջէ՛ հետեւեալին աւելորդ բառերը.

---Քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (4), Համբադձում Յարթունեան (9), Լիւսի Տէօքմեճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (8), Վարդի Դանիէլեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (9), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (8), Վահէ Աբէլեան (8):

Մրցոյթ 161.

***Փորձէ՛ իմաստակիր նախադասութեան մը վերածել հետեւեալը:

Ուշադրութի՛ւն. ոչ մէկ բառ պիտի փոխուի:

---Դեսպանը Պաքու կողմնակալ Եւրոպական Միութեան կը նկատէ:

***Իւրաքանչիւր երեքէն ո՞րն է նախընտրելին.

---Այս հարցի կարգադրութիւնը չպէտք է ձգձգուի:

    Այս հարցի կարգադրութիւնը պէտք չէ ձգձգուի:

    Այս հարցի կարգադրութիւնը պէտք է չձգձգուի:

---Ան իր կեանքին իմաստը դարձուց այդ հաւատքը:

    Ան այդ հաւատքը դարձուց իր կեանքին իմաստը:

    Ան այդ հաւատքը իր կեանքին իմաստը դարձուց:

***Կէտերուն տեղ՝ ա՞յլ, թէ՞ այլեւ կը դնես:

---Իր օրով ծաղկեցաւ ոչ միայն Հայ եկեղեցին, .......... ողջ համայնքը ապրեցաւ ոսկեդարեան փառքով:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիէր «Ազդակ»-ի հետեւեալ գոհարը.

---«Խորհրդարանը  պիտի չկարենայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել՝ բացի երկխօսութեամբ»  (11/3/24, էջ 2):


Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com