Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հերթական անգամ հնչած, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ խօսոյթին:
«Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան Բադալեանն ըսած է․ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» չկայ. արեւմտեան Ատրպէյճանը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններն են»: