image
Հրատապ լուրեր:

Ռումինիոյ տարածքին մէջ յայտնուած ԱԹՍ-ն, անկասկած, ռուսական է. Տան

Ռումինիոյ տարածքին մէջ յայտնուած ԱԹՍ-ն, անկասկած, ռուսական է. Տան

Ռումանիոյ նախագահ Նիքուշոր Տան յայտարարած է, որ Կալաց քաղաքի բազմայարկ բնակելի շէնքի տանիքին ինկած անօդաչու թռչող սարքը ռուսական էր։ Անոր խօսքով՝ այդ սարքը ամբողջովին նոյնական էր մէկ այլ անօդաչու սարքի, որ քանի մը շաբաթ առաջ ինկած էր Ռումանիոյ տարածքին մէջ եւ չէր պայթած։

Նախագահը կարծիք յայտնած է, որ Ուքրանիոյ արեւմտեան շրջաններուն դէմ յարձակման ընթացքին ռուսական անօդաչու թռչող սարքերը, ուքրանական հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերու ազդեցութեան տակ, մուտք գործած են ռումանական օդային տարածք։

Այդ վարկածը աւելի վաղ կասկածի տակ դրած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ նշելով, որ նման եզրակացութիւններու հասնելու համար անհրաժեշտ է մասնագիտական փորձաքննութիւն կատարել։