Մարդկային քաղաքակարթութեան այս փուլը տարբեր առումներով ունի ահազանգային կարգ մը շեշտադրումներ, որոնք կը պահանջեն յաւելեալ ուշադրութիւն։
Ուշադրութիւնը անպայման չի խօսիր վախի, մտավախութիւններու, տագնապներու լեզուով այլ կը պատրաստէ այսօրուայ մարդկութիւնը վաղուան մարտահրաւէրներուն։
Այս առումով է նաեւ, որ կը կարեւորուի հազուագիւտ մետաղներու առկայութիւնը, որ կերպով մըն ալ խթանող ուժ կրնայ հանդիսանալ ապահովելու անցնցուց անցում դէպի նոր հորիզոններ։
Այս բոլորը նշելով հարկ է անշուշտ հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, որ այսօր մեր շուրջ ամէնօրեայ դրութեամբ աճող հիմնահարցերը հետեւանք են վերջին տարիներուն բնութեան կողմէ մարդկութեան պարգեւ տրուած ներուժի մսխման։
Ու այդ ընթացքն է թերեւս, որ տեղ մը, առիթով մը այս թեմաներուն մասին մտածող ու այդ առնչութեամբ աշխատող գիտնականներուն ու ձեռներէցներուն մտածել կուտայ, որ վաղուան ջերմուժը, կեանքի տարբեր առանցքներուն մղիչ ուժ հանդիսցող նաւթն ու կազը յառաջիկայ փուլերուն պիտի չունենան առաջուան իրենց հնչեղութիւնն ու կարեւորութիւնը։
Հոս անշուշտ կը խօսին «Կանաչ ուժ» ընդհանուր խորագիրը կրող դրոյթին հետ, որ ապագայի առումով պիտի դառնայ իսկական «լոքոմոթիւ»ը, ոչ միայն համաշխարհային տնտեսութեան այլ կերպով մըն ալ պիտի ապահովէ մեզ շրջապատող եւ բաւական վիրաւոր կէտերու հասած բնութեան իսկական հաւասարակշռութիւնը։
Ու այս առանցքով է անշուշտ, որ մեր երկիր Հայաստանը ունի բաւականին կարեւոր դիրք։ Մինչ օրըստօրէ ջերմուժի, նաւթի եւ կազի պահանջարկները պիտի նուազին, անդին անոնց պիտի փոխարինէ «Կանաչ ուժ»ը, որուն մէջ կարեւոր առանցքներ կը հանդիսանան տարբեր տեսակի մետաղները սկսած պղինձէն, հասնելով մինչեւ լիթիումի։
Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ իրենց յարգելի դիրքերը զբաղեցուցած երկիրները ու անոնց հովանիով գործող տիտանական կազմակերպութիւնները շատ լաւ ընկալած են այս առումով Հայաստանի ունեցած ներուժը, ու վաղուան գործընթացներուն առընթեր Հայաստանի ունենալիք դերն ու դերակատարութիւնը ու այս փաստը արդէն բաւարար է հասկնալու ու անգամ մը եւս փաստելու համար, որ մեր երկրին ընթերքին մէջ եղող հարստութիւններուն առնչութեամբ հարկ է, որ ըլլանք աւելի ականջալուր եւ նախաձեռնող։
Ի դէպ այս նախաբանը աւելիով հիմնաւորելու համար «Արեւելք»ի ընթերցողներուն արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Հայաստանի ազգային փոլիթեքնիք համալսարանի Լեռնային մետաղագործութեան եւ քիմիական արհեստագիտութեան հիմնարկի Կայուն զարգացման եւ բնապահպանական ծրագիրներու խորհրդատու, տ.գ.թ., դոցենտ Հայկ Ակարմազեանի շահեկան դիտարկումները, որ վերջերս հրապարակուած են հայրենի News.am կայքի էջերուն։
Տիար Հայկ Ակարմազեան մասնաւորապէս կ՚ըսէ՝
«Ընդունուած է ըսել, որ մեր հարեւան երկիրները հարուստ են նաւթով եւ կազով: Բայց կարելի չէ պնդել, որ բոլոր այդ երկիրները բնական աղբիւրներով Հայաստանէն աւելի հարուստ են: Օրինակ՝ պղինձը, որով հարուստ է Հայաստանը, ի թիւս՝ լիթիումի, քոպալթի, նիկըլի եւ հազուագիւտ այլ տարրերու, կը հանդիսանայ անհրաժեշտ, գլխաւոր 5 մետաղներէն մէկը, որոնցմէ կախուած է ապագայի արհեստագիտութիւնը՝ ելեկտրական մեքենաները, արեւային վահանակները եւ կանաչ ուժի կուտակման ժամանակակից մարտկոցները:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ մետաղներու ուսումնսիրութեանց, Հայաստանի ազգային փոլիթեքնիքի համալսարանին մէջ, անցնող
29 Փետրուարին տեղի ունեցաւ աշխատաժողով, որ նուիրուած էր Լիթիումին: Աշխատաժողովի ընթացքին, Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան, Հայաստանի ազգային փոլիթեքնիքի համալսարանին, Երեւանի պետական համալսարանին, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի մասնագէտները ներկայացուցած են Լիթիումի մասին իրենց դիտարկումները, ուսումնասիրութիւններու արդի վիճակին եւ կորզման հեռանկարներուն վերաբերեալ:
Նոյն ծիրէն ներս անցնող 11-էն 15 Մարտին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխատաժողովի արդիւնքները ներկայացուցի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած անհրաժեշտ մետաղներու եւ շրջանառու տնտեսութեան վերաբերող միջոցառման ժամանակ: Միջոցառման ընթացքին, ներկայացուցի նաեւ այս բնագաւառին մէջ Հայաստանի յաջողութիւնները, պղինձի արդիւնաբերութեան առաջատար հայկական մեծ ընկերութեան՝ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»իգործունէութիւնը, ուր կ՚արդիւնահանուին եւ կը մշակուին աշխարհի կանաչ, ցած ածխածնային եւ շրջանառու տնտեսութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող պղինձն ու մոլիպտենը:
Արտերկրի գործընկերները, հանդիպումներուն ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Հայաստանի արդիւնաբերական ոլորտին առընթեր: Քննարկումներու ընթացքին նշած են, որ մինչեւ 2030 թուականը, կանաչ ուժի անցումով պայմանաւորուած պղինձի սպառումը կը քառապատկուի, իսկ աշխարհի մէջ կենսոլորտի սահմանափակումներուն հետ կապուած խոստումները իրականացնելու համար 54%-ով աւելի պղինձ կը պահանջուի:
Հնարաւորութիւնը ունեցանք ծանօթանալու ճիոթերմալ (երկրաջերմական) ուժի եւ լիթիումի միեւնոյն ժամանակուայ արտադրութեան, ինչպէս նաեւ այցելելու հազուագիւտ տարրերու, սփոթումներով եւ հանքային ջուրերով լիթիում արտադրուող ձեռնարկութիւններ։
Տպաւորիչ էին մեր այցելութունները Բրիտանական երկրաբանական ծառայութիւն, Քեմպորնի հանքարդիւնաբերական դպրոց, ինչպէս նաեւ Նիւթերու մշակման հիմնարկ- ինսթիթուտ, որոնց ծիրէն ներս հնարաւոր եղաւ մասնագիտական փորձէն եւ տարրալուծարանային սարքաւորումներէն օգտուելու երկկողմ համագործակցութեան պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել: Հարկ է նշել, որ Միացեալ Թագաւորութիւն այցելութեան ամբողջ ընթացքին ակնյայտ եղաւ, թէ որքան մեծ դերակատարութիւն ունի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը Անգլիոյ նման զարգացած երկրի մը համար, որ հակառակ անոր, որ Հայաստանի նման լուրջ անվտանգային խնդիրներ չունի, բայց հետեւողական աշխատանք կը տանի կլիմայի փոփոխութեամբ, երկրագունդի տաքացմամբ պայմանաւորուած մետաղներու պահանջարկի սպասուող աճին առընթեր, համաշխարհային տնտեսութեան մէջ իր տեղն ունենալու գործին՝ աշխարհին անհրաժեշտ մետաղներու պատասխանատու արդիւնահանման նոր արհեստագիտութեան լուծումներ մշակելով եւ առաջարկելով։Եկած է ժամանակը Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան նկատմամբ կարծրատիպային, բացասական ընկալումը դրականով փոխելու։ Հանքարդիւնաբերութիւնը զարգացնելու պարագային, Հայաստանը հարեւաններուն համեմատ նոյնիսկ քանի մը տասնեակ անգամ աւելի մեծ շահոյթ կրնայ ստանալ: Ի հարկէ այս գործին մէջ մեծ է նաեւ կրթութեան կարեւորութիւնը. ծնողները առաջանցիկ քայլ պէտք է կատարեն, եւ եթէ իրենց երեխաները ընտրեն քիմիական արհեստագիտութեան, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մասնագիտութիւններ, անոնք կը դառնան բարձր վարձատրուող մասնագէտներ, քանի որ յստակ է, թէ ապագային անոնք մեծ պահանջարկ պիտի ունենան, ինչպէս է պարագան նաեւ անհրաժեշտ նշանակութիւն ունեցող մետաղներուն եւ անոնց մաքուր արդիւնահանման հետ կապուած արհեստագիտութեան։»