Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 15 փետրուարին հանդիպում ունեցած է Հոլանտայի Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարար Ռուպըն Պրեքելմանսի հետ։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Նախարարները քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Հոլանտա համագործակցութեան հեռանկարները։
Կողմերը հեռանկարային համարած են ռազմական կրթութեան, վարժանքներու եւ փորձի փոխանակման ուղղութիւնները։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերուն։