Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին Յուլիս 27-ի երեկոյեան առանձին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր ալ-Պուսայիտիի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ պըն Ֆարհանի հետ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակուած է Արաքչիի «Թելեկրամ» ալիքին վրայ։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։
Անոնք ընդգծած են համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ համատեղ դիւանագիտական ջանքերը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ Միացեալ Նահանգներու յարձակողապաշտ գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած անապահովութիւնը վերացնելու նպատակով։
Յուլիս 27-ին Սէուտական Արաբիան յայտնած էր, որ խոցած է Իրաքէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք արձակուած էին Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ։