image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորումը երկու կողմին ալ պէտք է ձեռնտու ըլլայ․ Լուկաշենքօ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորումը երկու կողմին ալ պէտք է ձեռնտու ըլլայ․ Լուկաշենքօ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան լուծումը պէտք է ձեռնտու ըլլայ երկու կողմերուն։ Այս յայտարարութիւնն ըրած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հետ հանդիպման ժամանակ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Պելթա» գործակալութիւնը։

Պելառուսիոյ նախագահն ընդգծած է, որ պէտք է զերծ մնալ ՀԱՊԿ տարածքին մէջ հակամարտութիւններէն, առաւել եւս՝ զինուած։ Ատոնցմէ մէկը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնն է։

«Պէտք են համբերութիւն եւ հարցի լուծում գտնելու փորձեր, որ ձեռնտու ըլլայ ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ատրպէյճանին», -ըսած է Լուքաշենքօն: