image

Քննարկուած են Հայաստան–Յորդանան զբօսաշրջային զարգացման հնարաւորութիւնները

Քննարկուած են Հայաստան–Յորդանան զբօսաշրջային զարգացման հնարաւորութիւնները

FITUR 2026 միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսի շրջածիրէն ներս ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Լուսինէ Գէորգեանը հանդիպած է Յորդանանի զբօսաշրջութեան խորհուրդի գլխաւոր տնօրէն Ռամզի Մայաթայի հետ՝ քննարկելու Հայաստան–Յորդանան զբօսաշրջային համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները։

 Քննարկման ընթացքին ներկայացուած են զբօսաշրջային հոսքերու աճի ցուցանիշերը, վիզային քաղաքականութեան նպաստաւոր պայմանները նաեւ նշուած է, որ ներկայիս երկու երկիրներու քաղաքացիները կրնան մուտք գործել իրար երկիր ելեկտրոնային վիզայով, այն ստանալով սահմանին կամ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու կողմէ։

 Կողմերը կարեւորած են օդային կապի զարգացման, B2B համագործակցութեան խթանման եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացումը, այդ շարքին՝ 2026 թուականի աշնան Հայաստանի մէջ նախատեսուող Բժշկական զբօսաշրջութեան միջոցառման Յորդանանի պետական եւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ նոր համագործակցութեան ձեւաչափերուն․ կողմերը քննարկած են զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրելու հնարաւորութիւնը եւ Յորդանանի գործընկերները հրաւիրած են Հայաստան։

Առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն առաջացուցած է նաեւ AI Moby արհեստական բանականութեան գործիքը, որ ներկայացուած է որպէս զբօսաշրջային տեղեկատւութեան նորարարական լուծում։