Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ընդունած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռատմիլա Շեքերինսքան՝ Պաքու կատարած այցի ընթացքին, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Հանդիպման, այլ թեմաներու շարքին, քննարկուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը, տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն ապահովելու դիւանագիտական ջանքերը, վստահութեան ամրապնդման միջոցառումները եւ անցեալ տարուան օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթնաժողովին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է տարածաշրջանային փոխադրային եւ հաղորդակցական նախագիծերու հեռանկարներուն։