Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներու միջեւ Ապու Տապիի մէջ կայացած երկօրեայ բանակցութիւնները երէկ աւարտած են առանց որեւէ յստակ արդիւնքի կամ յայտարարութեան, հաղորդած է Al Jazeera-ն։ Հակառակ որ կողմերը հրապարակաւ կը խօսին «կառուցողական մթնոլորտի» մասին, փաստացի առաջընթացի կամ համաձայնութիւններու մասին չի հաղորդուիր։
Ռուսական պետական ԹԱՍՍ գործակալութեան տուեալներով՝ բանակցութիւններէն ետք պատուիրակութիւնները վերադարձած են իրենց հիւրանոցներ, եւ նոյն օրը բանակցութիւններու շարունակութիւն այլեւս չէ նախատեսուած։ Միեւնոյն ժամանակ, ռուսական կողմին մօտ կանգնած աղբիւրները նշած են, որ «արդիւնքներ կան, սակայն ատոնք պիտի յայտարարուին համապատասխան մարմիններու կողմէ իրենց մայրաքաղաքներուն մէջ»։
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւս փորձած է դրական երանգ հաղորդել հանդիպման՝ յայտարարելով, որ քննարկումները «կառուցողական» եղած են եւ մօտ օրերս ատոնց շարունակութիւնը հնարաւոր է։ Անոր խօսքով՝ քննարկումներու առանցքը եղած են «պատերազմն աւարտելու հնարաւոր չափորոշիչները» եւ բանակցային գործընթացի հետագայ տրամաբանութիւնը։
«Ամերիկեան կողմը բարձրացուցած է պատերազմի աւարտի պայմաններու նիւթականացման հնարաւոր ձեւաչափերու հարցը, ինչպէս նաեւ այն անվտանգային պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են իրական խաղաղութիւն ապահովելու համար»,-ըսած է Զելենսքին։
ԱՄԷ-ի իշխանութիւնները եւս արձագանգած են հանդիպման՝ յայտարարելով, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղիղ շփումները տեղի ունեցած են «դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ», սակայն անոնք որեւէ մանրամասնութիւններ չեն յայտնած հնարաւոր արդիւնքներու մասին։