image

Ճինիշեան Հիմնարկի եւ «Զուարթնոց» Կեդրոնի պատասխանատուները այցելեցին՝ Արամ Ա. Վեհափառին

Ճինիշեան Հիմնարկի եւ «Զուարթնոց» Կեդրոնի պատասխանատուները այցելեցին՝ Արամ Ա. Վեհափառին

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան այցելած եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան արժանացած են Լիբանանահայ իրականութեան մէջ ընկերային կարեւորագոյն դեր վերցուցած Ճինիշեան Հիմնարկի եւ «Զուարթնոց» Կեդրոնի պատասխանատուները։

Ստորեւ սոյն այցին մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի տնօրէնն ու խորհրդատու մարմինի վարչութիւնը եւ Զուարթնոց Կեդրոնի տնօրէնը, պտասխանատուները ու աշակերտները։

Յիշեալ հաստատութեանց տնօրէնները՝ Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ընդհանուր գիծերու մէջ զեկոյց ներկայացուցին Նորին Սրբութեան իրենց աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին։

Վեհափառ Հայրապետը իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ զոյգ հաստատութիւններուն եւ անոնց պատասխանատուներուն, միաժամանակ բարձր գնահատելով անոնց կողմէ մեր ժողովուրդին ուղղուած մարդասիրական ու ազգանուէր առաքելութիւնը։