Հայաստանն ու Թուրքիան 2022 թուականին 324,5 միլիոն տոլարի առեւտուր ըրած են, ինչ որ 4.4 անգամ աւելի է, քան 2021 թուականի նոյն ժամանակահատուածին (73,5 միլիոն տոլար): Այս մասին Sputnik Արմենիա-ի գրաւոր հարցման ի պատասխան յայտնած են տնտեսութեան նախարարութիւնէն։
Աւելին, մեր երկիր թրքական ապրանքներու ներմուծման արգելքի վերացումը դրական ազդեցութիւն ունեցած է ե՛ւ ներմուծման, ե՛ւ արտածման վրայ։
Այսպէս. 2022 թուականին արտածումը Հայաստանի Հանրապետութիւնէն Թուրքիա աճած է 139 անգամ՝ կազմելով 61,2 միլիոն ԱՄՆ տոլար (2021-ին կազմած էր 0,44 միլիոն ԱՄՆ տոլար), իսկ թրքական ապրանքներու ներմուծումն աւելցած է 3,6 անգամ։ Նախորդ տարի Հայաստան ներմուծուած է 263,3 միլիոն տոլարի թրքական արտադրանք, մինչդեռ 2021-ին (արգելքի ժամանակ) այդ ցուցանիշը կազմած էր 73 միլիոն տոլար։
Թրքական արտադրանքի նկատմամբ արգելքը ուժի մէջ մտած էր 2021-ի 1 յունուարէն։ Այն բացասաբար անդրադարձած է երկիրներու միջեւ առեւտուրին վրայ։ 2021-ին ապրանքաշրջանառութիւնը կրճատուած էր 68,3 տոկոսով՝ հասնելով 73,5 միլիոն տոլարի 2020-ի 231,5 միլիոն տոլարի փոխարէն։
2021-ի արգելքի ժամանակահատուածին պաշտօնապէս թոյլատրուած էր Թուրքիայէն հումքի եւ վերամշակման համար նախատեսուած արտադրանքի ներմուծումը Հայաստան։ Այդպիսիք կը համարուին շինանիւթերը, հիւսուած եւ բամբակեայ գործուածքները, բնական կաշին։ Ընդ որում՝ բարձր մաքսատուրք ունեցող ապրանքներ չեն ներմուծուած։ Տնտեսութեան նախարարութենէն թրքական ծագում ունեցող ապրանքներու ներմուծման որոշակի ծաւալներու պահպանումը կը բացատրէին այնպէս, որ անոնք աւելի շահաւէտ գին ունին։ Բացի այդ, կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ աշխարհագրութիւնը (հեռու երկիրներէն ապրանքներ բերելը բաւական ծախսատար է)։
Ինչ կը վերաբերի թրքական ապրանքներու ներմուծման 2022-ին, ապա հարցման պատասխանով պարզաբանած են, որ ամէնէն շատ Հայաստան ներմուծուած են ալիւմինէ ամրաններ եւ անկիւնակներ, կիտրոնազգիներ (թարմ կամ չորցուած), հիւսուածեղէն ( բաճկոն, զգեստ, կիսաշրջազգեստ եւ նմանատիպ հագուստ կանանց եւ տղամարդոց համար), ելեկտրական սարքեր (ջեռուցիչներ, տարածքի եւ հողի ջեռուցման սարքեր, կենցաղային ելեկտրական ջեռուցման սարքեր), ապակիի մանրաթելէ կամ փայտէ եւ փայտային այլ նիւթերէ սալիկներ, յատուկ նշանակութեան փոխադրային միջոցներ եւ բեռնատարներ, բաղադրական թել:
Իսկ Հայաստան ամենաշատ Թուրքիա արտածած է ոսկի (այդ շարքին՝ գալվանական ծածկոյթ) եւ ոսկիի փոշի, մշակուած կաշի, խոշոր եղջերաւոր անասուններու կաշի, տեխնիկա (աման լուացող մեքենա կամ չորանոց), մակնիշներ դնող, կազաւորուած ըմպելիքներու փաթեթաւորման սարք, թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարեր, սնունդի կամ ըմպելիքներու արդիւնաբերական պատրաստման սարքաւորումներ։
Յիշեցնենք, որ արգելքը սահմանուած էր այն բանէն յետոյ, երբ 2020-ի հոկտեմբերին Թուրքիան բացայայտ կերպով սատարեց Ատրպէյճանին արցախեան հակամարտութեան հարցին մէջ եւ Պաքուին լայնածաւալ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերեց։ Սակայն Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ֆոնին Հայաստանը հանած է թրքական ապրանքներ ներմուծելու արգելքը։