Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները երբեք այսքան ուժեղ ու այսքան մօտ չեն եղած:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս կայացած ԵՄ-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի 4-րդ նիստին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը:
«Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները երբեք չեն եղած այսքան ուժեղ եւ այսքան մօտ: Մենք կը կիսենք ժողովրդավարական արժէքներ, պիտի շարունակենք զարգացնել եւ ընդլայնել մեր համագործակցութիւնը: Մենք կ՚աշխատինք գործընկերութեան նոր օրակարգի վրայ»,-ըսած է դեսպանը:
Ան աւելցուցած է՝ նպատակն է շարունակել դրական ընթացքը՝ ի շահ քաղաքացիներու: Ըստ անոր՝ ԵՄ-ի նպատակն է աջակցիլ քաղաքական երկխօսութեան եւ ժողովրդավարական, տնտեսական եւ կառուցային բարեփոխումներու իրականացման՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու համար: