Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին զգալիօրէն սրուած են։ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին եւ ամերիկեան արտաքին գերատեսչութեան միջեւ գոյացած վստահութեան հարցը եւ «անհանգստութիւն»ը այլեւս բացայայտ է։ Բայց ո՞րն է այս անվստահութեան խորքային պատճառը, եւ ո՞ւր կը տանին այս խնդիրին թելերը։
Նախագահ Ժոզէֆ Աուն վերջին շրջանին նախընտրած է լռութիւն պահել ԱՄՆ-ի հանդէպ իր վստահութեան հարցին շուրջ։ Ան միեւնոյն ժամանակ չի մոռնար իր քննադատութեան սլաքները ուղղել լիբանանցի այն քաղաքական գործիչներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն առջեւ կը շարունակեն մեղադրել՝ նախագահը, կառավարութիւնը եւ վարչապետը, որ իբր չեն կատարեր «Հըզպալլա»ի ապօրինի զէնքի հարցը վերջնականապէս լուծելու համար անհրաժեշտ քայլերը։ Սակայն այս հիմնահարցը լուծել ներկայ պայմաններուն տակ դժուար է, որովհետեւ ան կրնայ նոյնիսկ վերածուիլ ներքին բռնկման, զինուորական գործողութեան կամ ընդհարման։
Իսրայէլ, իր կողմէ, կը շարունակէ պահել իր ներկայութիւնը լիբանանեան հողերուն վրայ, եւ այսօր ալ հինգ ռազմավարական կէտեր կը շարունակեն մնալ իր վերահսկողութեան տակ։ Միաժամանակ, Թէլ Աւիւ «ընտրովի» հարուածներ կը հասցընէ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ՝ թիրախ դարձնելով «Հըզպալլա»ի պատասխանատու զինեալներ եւ հրամանատարներ։
Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ նախագահ Աուն կը գիտակցի, որ ներկայ փուլին անկարելի է ճակատամարտը ուղղել դէպի «Հըզպալլա»։ Ան կը փորձէ բանալ խաղաղութեան ուղի մը եւ այս տրամաբանութեամբ իր խօսքը կ՚ուղղէ Միացեալ Նահանգներուն՝ քաջ գիտնալով, որ ինչպէս միշտ, Ամերիկան է միակ կողմը, որ կրնայ ինչ-որ պահու լուծում մը առաջարկել եւ խաղաղութեան շղարշ մը նետել Լիբանանի վրայ։
Խնդիրը կը մնայ Ուաշինկթընի դաշտին մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի գերատեսչութիւնը կը հասկնայ լիբանանեան իրականութիւնը, բայց մեծ տարակոյս կայ՝ արդեօք Ռուպիոյ պարտադրուած է անտեսել այդ իրականութիւնը եւ գործել բացառապէս իսրայէլեան շահերէն մղուելով։ Այս վարկածը չի կրնար դուրս մնալ քննարկումէ, որովհետեւ ան կրնայ վնասակար դառնալ Լիբանանի կառավարութեան եւ նախագահ Աունին համար, որ մինչեւ իր ընտրութիւնը եւ նոյնիսկ ընտրութենէն ետք կը վայելէր ԱՄՆ-ի անվերապահ աջակցութիւնը։
Այսօր սակայն նախագահը կը դիմագրաւէ բարդ կացութիւն։ Անկարելի է «Հըզպալլա»ի զէնքի խնդիրը լուծել բանակի միջոցներով, անկարելի է Իսրայէլի հետ նստիլ բանակցութեան սեղանին եւ միաժամանակ գոհացնել Միացեալ Նահանգները։ Աուն ամբողջութեամբ կը գիտակցի այս իրականութեան ու նաեւ գիտէ, որ ներկայ կտրուածքով դժուար է վստահիլ ամերիկեան խոստումներուն։ Խօսքը մէկ բան, իսկ գործը այլ։
Այս իրականութեան մէջ պէտք է տեղադրել այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգները մէկ գիշերուան մէջ չեղեալ նկատեց լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ռոտոլֆ Հայքալի սպասուած աշխատանքային այցելութիւնը։ Այս որոշումը ի յայտ կը բերէ ամերիկեան քաղաքականութեան արժէքային թեքումը, ուր Միջին Արեւելքի պարունակին մէջ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը միանշանակ կը գործէ իսրայէլեան կշռոյթներով։
Այս վերջին քայլը, որուն կից պաշտօնական հանդիպումները չեղարկուեցան՝ պատրուակելով ժամանակի սղութիւնը, լիբանանեան կողմին թափանցիկ ուղերձ մըն էր։
Միւս կողմէ Ամերիկացի ծերակուտականներ հրապարակաւ մեղադրեցին լիբանանեան բանակը՝ «Հըզպալլա»ի զինաթափման պարտաւորութիւնը չկատարելու համար։ Այս մեղադրանքը ուղղուած էր ոչ միայն բանակին, այլ նաեւ նախագահ Աունին, որուն ամերիկացիները կը նկատեն պատասխանատու գերագոյն անձ բանակի քաղաքական կողմնորոշումներուն համար։
Յատկանշական էր նաեւ, որ Հայքալ հրապարակաւ մեղադրած էր Իսրայէլը Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը խախտելու եւ բանակի հարաւային տեղակայումը կանխելու համար։ Այս յայտարարութիւնները Ուաշինկթընի մէջ դժգոհութեան նոր ալիք ստեղծեցին։
Աւելի խորացնելով այս դժգոհութիւնը՝ Հայքալ մերժեց ներթափանցել երկրի հարաւային շրջաններուն մէջ բնակիչներու տուներ ներթափանցելու «Հըզպալլա»ի պատկանող զինամթերք որոնելու պատրուակով։ Հայքալի դիրքորոշումը հաւաստեց, որ բանակը պատրաստ չէ դառնալու «գործիք», որուն միջոցով կրնար «Հըզպալլա»ն նեղ կացութեան մատնել, բայց միեւնոյն ժամանակ Լիբանանը տանիլ ներքին բախումներու փուլի մը։
Տարբեր դէտերու վերլուծութեանց համաձայն՝ ԱՄՆ կը փափաքի, որ Լիբանանի բանակը այլեւս չդիտէ Իսրայէլը որպէս թշնամի, դուրս գայ «Հըզպալլա»ի նկատմամբ չէզոքութենէ եւ ընդգրկուի այն գործընթացին մէջ, որուն նպատակն է ապահովել իրանամէտ այդ կուսակցութեան կազմալուծումը։
Այս քաղաքական մօտեցումը կը նախանշէ Լիբանանի անվտանգութեան նոր անկայուն ճակատագիրը եւ առիթ կու տայ իսրայէլեան գործողութիւններու սաստակցման։
Եզրակացութիւն մը
Այս զարգացումները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները մտած են նոր, աւելի բարդ եւ վտանգաւոր փուլ։ Ուաշինկթըն այլեւս չի բաւարարուիր դիւանագիտական զգուշաւոր ճնշումներով․ ան կը փորձէ ուղղակի ձեւաւորել Լիբանանի անվտանգային ատաղձը՝ զայն հեռացնելով իր ներքին իրականութենէն եւ մղելով դէպի տարածաշրջանային մրցակցութիւններու։ Արդիւնքը մէկ բան է՝ ներքին ճնշումի աճ, արտաքին սպառնալիքներու ուժեղացում եւ պետական կառոյցներու վրայ միջազգային ազդեցութեան աննախադէպ թափ։
Այս նոր իրավիճակին մէջ Լիբանանը կանգնած է պատմական երկընտրանքի առջեւ։ Մէկ կողմէ կը շարունակուի արտաքին ճնշումը, որ կը փորձէ բանակը նետել քաղաքական-ռազմական խնդիրներու մէջ, որոնց հետեւանքները կրնան ճակատագրական դառնալ ամբողջ երկրին համար։ Միւս կողմէ, Լիբանանի ղեկավարութիւնը եւ նախագահ Աուն կը ձգտին պահպանել պետական հաստատութիւններու չէզոքութիւնը եւ զինուորական կառոյցին միասնականութիւնը՝ գիտնալով, որ բանակի բաժանումը կը նշանակէ երկրի ամբողջական փլուզում։
Այս իրականութեան մէջ հարկ է նկատել, որ ճնշումներու դիմաց լիբանանեան պետականութիւնը կը փորձէ պահպանել իր չէզոք դիրքը՝ չիյնալով ո՛չ ներքին քաղաքացիական բախումներու, ո՛չ ալ արտաքին պատերազմական պարտադրանքներու մէջ։
Այս բոլորն ի հարկէ Ուաշինկթընի սրտով չեն, որուն համար կայ մէկ ու միակ խնդիր, որն է «Հըզպալլա»ի զէնքէն «ձերբազատուիլ»ն է։
Այս կացութիւնը վտանգաւոր նախադեպ կը ստեղծէ։ Երբ մեծ ուժեր կը սկսին ձեւաւորել փոքր պետութեան պաշտպանական քաղաքականութիւնը եւ միջամուխ դառնալ անոր ներքին հարցերուն, ապա այդ բոլորը թոյլ կուտան միջազգային մրցակցութիւններու։ Այդպիսով ալ այդ երկիրը կը դառնայ անկայունութեան մշտական օճախ։ Այս բոլորի ամենավտանգաւոր հետեւանքն այն է, որ ներքին հակամարտութիւնները կը վերածուին տարածաշրջանային հաշուեյարդարի։
Լիբանանի ապագան այս պահուն կախուած է երկու հիմնական առանցքներու վրայ՝ պետական հաստատութիւններու տոկունութիւնը եւ միջազգային հանրութեան առջեւ երկրի կարողութիւնը՝ կառուցելու սեփական ազգային օրակարգ մը՝ հիմնուած անվտանգութեան իրական պահանջներուն, ոչ թէ արտաքին ուժերու նշանակած ուղղութիւններուն վրայ։
Այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, Լիբանանի ղեկավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ անոր առջեւ բացուած ճակատագրական էջը կը պահանջէ սառնագլուխ ռազմավարութիւն, ներքին միասնութիւն եւ այնպիսի դիւանագիտական ճկունութիւն, որ չիյնայ արտաքին ճնշումներու ծուղակին մէջ։
Եթէ այս բոլորին մէջ Լիբանանը չկարողանայ ձեւաւորել իր իշխանական ու զինուորական ինքնուրոյնութիւնը, ապա ամերիկա–իսրայէլեան օրակարգը կը վերածուի ոչ միայն քաղաքական ճնշումի, այլ՝ գոյաբանական սպառնալիքի, որ կրնայ փոխել երկրի ամբողջ ներքին կառուցուածքը եւ երկարաժամկետ անվտանգային հաւասարակշռութիւնը։
Այս պատճառով, ներկայ ճգնաժամը միայն դիւանագիտական վիճակ չէ․ ան կը հանդիսանայ Լիբանանի պետականութեան դիմադրողականութեան իրական չափորոշիչը եւ ձեւով մըն ալ «քննութեան» իրական պահը։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս