image

Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է որոշեն՝ Փութինի հրաւէրը օգտակար է իրենց համար, թէ ոչ․ Փրայս

Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է որոշեն՝ Փութինի հրաւէրը օգտակար է իրենց համար, թէ ոչ․ Փրայս

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողի խնդրանքով անդրադարձած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան  առ այն, որ «Արեւմուտքը զբաղած է ինքնագովազդով եւ կը փորձէ Ռուսիան դուրս մղել տարածաշրջանէն»:

«Նախ, մենք կը վիճարկենք մեր ջանքերու որպէս ինքնագովազդ որակումը: Ոչ մէկ ինքնագովազդային բան կայ այն բանի մէջ, որ կը փորձենք վերջ դնել տարիներ շարունակուող հակամարտութիւններուն եւ տարիներու բռնկումներուն, որոնք յանգեցուցած են բռնութիւններու եւ, ի վերջոյ, մահուան, ինչպէս՝ հայերու, այնպէս ալ Ատրպէյճանի քաղաքացիներու:

Այստեղ մեր միակ նպատակն է օգնել այս երկիրներուն աշխատիլ միասին՝ համապարփակ եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու եւ, ի վերջոյ, կեանքեր փրկելու համար: Ես չեմ գիտեր, թէ ասոր վերաբերեալ ինչը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս ինքնագովազդ:

Ինչպէս ընդգծած է Արտաքին գործոց նախարարը, մենք հաւատարիմ ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն։ Մենք երկու ղեկավարներուն ալ խրախուսած ենք հանդիպիլ այն ձեւաչափով, որ աւելի օգտակար է անոնց համար: Մենք կը կարծենք, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»,-ըսած է Փրայս:

Անդրադառնալով 31 հոկտեմբերին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ նախատեսուած հանդիպման՝ Փրայս ըսած է.«Ի վերջոյ, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը պէտք է որոշեն, թէ արդեօք նախագահ Փութինի հրաւէրը օգտակար կամ պիտանի կ'ըլլայ իրենց համար՝ կայուն խաղաղութեան ձգտման առումով: 2008 թուականին Ռուսիոյ ներխուժումը Վրաստան եւ անոր շարունակական դաժան ներխուժումը Ուքրանիա ցոյց կու տան, որ Մոսկուան շատ չի յարգեր իր հարեւանի ինքնիշխանութիւնը եւ դժուար թէ յուսալի, երկարաժամկէտ գործընկեր ըլլայ: Բայց, ի վերջոյ, սա պիտի ըլլայ որոշում մը, որ պէտք է կայացնեն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։

Հարաւային Կովկասի երկիրներու ինքնիշխանութեանն ու անկախութեան, ի վերջոյ, ԱՄՆ-էն աւելի մեծ աջակցող չկայ։ 1991 թուականին Խորհրդային Միութենէն Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի անկախութեան վերականգնումը կարեւոր իրադարձութիւն էր, որ երաշխաւորեց այս երկիրներէն իւրաքանչիւրի իրաւունքը՝ Մոսկուայէն կամ որեւէ այլ երկրէ անկախ իր արտաքին քաղաքական շահերը հետապնդելու»։