image

Հայաստան. Այսուհետեւ փակ վայրերու մէջ ծխելը արգիլուած է

Հայաստան. Այսուհետեւ փակ վայրերու մէջ ծխելը արգիլուած է

ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց հակածխախոտային յայտնի օրինագիծը, որմով կ՝առաջարկուի ծխելը արգիլել հանրային փակ տարածքներու մէջ, ինչպէս նաեւ հանրային սնունդի բոլոր վայրերուն մէջ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ծխախոտային արտադրատեսակներու եւ անոնց փոխարինիչներու օգտագործման հետեւանքով առողջութեան հասցուող վնասի նուազեցման եւ կանխարգիլման մասին օրէնքի նախագիծին եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերուն փաթեթը ԱԺ 13 փետրուարի նիստին ներկայացուցած էր ՀՀ առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեան:

Նախագիծին վերաբերեալ վարման կարգով ձայնի իրաւունք վերցուցած պատգամաւորները ունեցած են տարբեր ելոյթներ: Նախագիծը, այնուամենայնիւ, ընդունուած է՝ ստանալով  76 կողմ, 16 դէմ, 7 ձեռնպահ ձայն: