image

Հայ փրկարարներ կարողացած են փլատակներու տակէն երեխայ մը ազատել. Բագրատ Էստուքեան

Հայ փրկարարներ կարողացած են փլատակներու տակէն երեխայ մը ազատել. Բագրատ Էստուքեան

«Ես այսօր յաջողակ լուր մը լսեցի, որ անոնք յաջողած են երեխայ մը փլատակներու տակէն ողջ-առողջ դուրս բերել։ Սա փրկարար ջոկատներու համար շատ ուրախ երեւոյթ է։ Փոխանակ անընդհատ դիակներ դուրս բերելու, կենդանի մնացած մէկը ազատելը, կեանք փրկելը իրենց համար շատ ոգեւորիչ գործօն մըն է», - «Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի խմբագիր Բագրատ Էստուքեանը։

Նախնական տուեալներով, երկրաշարժը Թուրքիոյ մէջ առնուազն 10 հայու կեանք խլած է։ Այսօր Տիարպէքիրի մէջ փլատակներու տակէն մահացած դուրս բերած են հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիսի ու անոր ամուսնու մարմինները, որոնց երեք օր է կ'որոնէին, «Ազատութեան» հաղորդած է Էստուքեանը. - «Ան երգչուհի ըլլալէ բացի, նաեւ իրաւաբան է, փաստաբան է։ Ազնիւ կին մըն է, ծանօթացած եմ իր հետ։ Տիարպէքիր կ'ապրէր։ Որքան որ գիտեմ, ամուսինին հետ միասին փլատակներու տակ մնացած էին»։

Խմբագրի հաղորդմամբ՝ առնուազն երկու հայ դեռ փլատակներու տակ է. - «Ամուսիններ են՝ ծեր կին եւ ծեր տղամարդ։ Երեւի թէ տասի մօտ զոհեր ունինք։ Ութը հատը յստակ գիտեմ, բայց մնացեալները անունով ալ տակաւին ինծի շատ ծանօթ չեն։ Զանազան քաղաքներու մէջ։ Անթաքիայի մէջ հայեր մահացան, Տիարպէքիրի մէջ, Ատիյամանի մէջ մէկ հայ մահացաւ, Մալաթիոյ մէջ երեք հայեր մահացան»։

Էստուքեանը պատմած է, որ աղէտէն տուժածները դեռ կը գիշերեն իրենց քանդուած բնակարաններու մօտ, կը սպասեն, որ հարազատները փլատակներէն դուրս հանեն, յետոյ հասկնան ինչպէս եւ ուր պիտի շարունակեն կեանքը։ - «Փլատակներու մօտ կը գիշերեն, մինչեւ յայտնաբերուին։ Թէկուզ մահացած ալ ըլլայ, աճիւնները ստանան»։