image

Հայ պատանի ճարտարագէտներու խումբը՝ Ռոպոթներու համաշխարհային ողիմպիականի ախոյեան

Հայ պատանի ճարտարագէտներու խումբը՝ Ռոպոթներու համաշխարհային ողիմպիականի ախոյեան

Իր տեսակին մէջ աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցոյթներէն նկատուող՝ Ապագայ նորարարներու մարդ-մեքենաներու (robot-ներու) համաշխարհային բաց մրցաշարքի կրտսերներու բաժանմունքին մէջ յաղթանակ ապահոված Հայաստանի «Արմաթ» խումբը Հայաստան վերադարձաւ եւ արդէն կը նախապատրաստուի յաջորդ մրցումին։

Գեղարքունիքի մարզի Այգուտ գիւղի դպրոցի եւ Երեւանի N131 դպրոցի «Արմաթ» աշխատանոցները ներկայացնող ճարտարագէտ-մարզիկները մրցաշարքին ընթացքին հաւաքեցին 162 միաւորներ՝ յառաջ անցնելով ռումանական եւ գերմանական խումբերէն։

«Արմաթ»ի  յաղթական խումբին մաս կը կազմէին՝ Արարատ Բայանդուրեան (Այգուտի դպրոց), Գրիգոր Խոջայեան (Այգուտի դպրոց) եւ Վահէ Գաբրիէլեան (Երեւանի N131 դպրոց)։ Մարզիչ-խմբավարը Շահէն Արաբաչեանն էր։

«Արմաթ»ի խումբը ներկայացուցած էր կազատար խողովակներէն արտահոսք յայտնաբերող իր սարքը (տեսանիւթը՝ կայքէջին վրայ)։