Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Իրանի ղեկավարութիւնը բանակցութիւններու խնդրանքով դիմած է իրեն: Սպիտակ տան ղեկավարը համապատասխան յայտարարութիւնն ըրած է կիրակի՝ յունուար 11-ին, Air Force One օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին։ Այս մասին կը հաղորդէ է dw.com-ը։
«Իրանի առաջնորդները զանգած են»,-նշած է Թրամփը՝ աւելցնելով, որ «հանդիպումը կը կազմակերպուի»։
«Անոնք կ՚ուզեն բանակցիլ»,-աւելացուցած է ան: Սակայն «հնարաւոր է, որ մենք ստիպուած ըլլանք գործել մինչ հանդիպումը»,-ըսած է Տանըլտ Թրամփը՝ չյստակեցնելով մանրամասնութիւնները:
Թեհրանի մէջ դեռ չեն մեկնաբանած Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւնները: