image
Հրատապ լուրեր:

Հասնինք բնիկ Հալէպահայ Ալին Փանոյեանին

Հասնինք բնիկ Հալէպահայ Ալին Փանոյեանին

Ընկերներն ու հարազատները կը յայտնեն, որ  44 -օրեայ պատերազմի նահատակ Յարութ Բանոյեանի քրոջ` Ալին Բանոյեանի մօտ յայտնաբերուած է արեան քաղցկեղ։ Նկատի ունենալով բուժման երկար ժամանակաշրջանը, Ալինը արեան խիստ կարիք ունի եւ կը խնդրեն արիւն նուիրել։ Միաժամանակ նշուած է, որ կարեւոր չէ արեան կարգը, յանձնած արիւնը կեդրոնին մէջ պիտի փոխարինուի ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ արիւնով:

Օգնել փափաքողները կրնան այցելել «Եոլեան» արիւնաբանութեան կեդրոն, երկուշաբթի֊ուրբաթ օրերուն` մինչեւ ժամը 12։00, Ալին Բանոյեանի անունով արիւն նուիրաբերելու համար։ Արիւն յանձնելէ ետք ձեզի Ալին Բանոյեանի անունով կտրոն կը տրուի, որ պէտք է փոխանցէք անոր քրոջ` Թալին Բանոյեանին։

Անհրաժեշտ է զանգել 033 75 15 33 հեռախօսահամարին (կրնաք անմիջապէս զանգել, քանի որ Ալինը բուժում կը ստանայ այդ կեդրոնին մէջ եւ անոր քոյրն այնտեղ է)։ Նշենք, որ՝ արիւն յանձնելու ժամանակ յստակ պէտք է նշուի, որ Ալին Բանոյեանի համար է։

Հասցէ` Երևան, Հրաչեայ Ներսիսեան փող., 7 շէնք։