image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ բախումներու հետեւանքով առնուազն 12 մարդ զոհուած է

Հալէպի մէջ բախումներու հետեւանքով առնուազն 12 մարդ զոհուած է

Հալէպի մէջ Սուրիոյ կառավարական ուժերու եւ քրտական կազմաւորումներու միջեւ բախումներու հետեւանքով առնուազն 12 մարդ զոհուած է, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հեռացած են քրտական թաղամասերէն, որոնք Սուրիոյ բանակն աւելի վաղ յայտարարած էր ռազմական գօտի:

Կառավարական ուժերը հրետակոծած են քրտական թաղամասերը՝ յայտարարելով, որ գործողութիւնները ձեռնարկուած են՝ ի պատասխան զինուած կազմաւորումներու յարձակումներու:

«Քասատ» (Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր) քրտական խմբաւորումն իր հերթին յայտարարած է, որ կառավարական ուժերը կը փորձեն բռնի տեղահանել բնակիչները:

Բախումներու ընթացքին գիշերը արկեր ինկած են նաեւ հայկական թաղամասերու մէջ, գրանցուած են նիւթական վնասներ:

2025 թուականի մարտին «Քասատ»ը (Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր), որ կը վերահսկէ Սուրիայի հիւսիսարեւելեան հատուածներու մեծ մասը եւ ունի տասնեակ հազարաւոր զինեալներ, համաձայնութիւն ստորագրած էր կառավարութեան հետ իր բոլոր ռազմական եւ քաղաքացիական կառոյցները պետական համակարգի մէջ համարկելու շուրջ: