image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ խաղաղ ցուցարարներուն միացած են զինուած անձինք, որոնց նպատակն էր աւելցնել զnհերու թիւը, քանի որ Թրամփն ըսած էր, որ այդ պարագային կը միջամտէ. Արաքչի

Իրանի մէջ խաղաղ ցուցարարներուն միացած են զինուած անձինք, որոնց նպատակն էր աւելցնել զnհերու թիւը, քանի որ Թրամփն ըսած էր, որ այդ պարագային կը միջամտէ. Արաքչի

Սկիզբը ցոյցերը խաղաղ էին՝ հիմնական առեւտրականներու եւ ձեռնարկատէրերու մասնակցութեամբ՝ իրենց կարծիքը արտայայտելու համար, որ անոնց բնական իրաւունքն էր, եւ կառավարութիւնը երկխօսութիւն սկսած է անոնց հետ։ Երրորդ օրը ցոյցերը գործնականօրէն աւարտեցան, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին:

«Յունուար 8-էն 10-ը մենք նկատեցինք զինուած ահաբեկիչներու ներկայութիւն ցուցարարներու շարքերուն մէջ։ Զինուած անձինք կրակ բացած են անվտանգութեան ուժերու, ոստիկանութեան եւ քաղաքացիական անձանց վրայ։ Անոնց նպատակն էր աւելցնել բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհերու թիւը, քանի որ Թրամփը յայտարարած էր, որ պիտի միջամտէ, եթէ զոհերու թիւը աճի։ Մենք ձայնագրութիւն ունինք, ուր կ՚ըսուի, որ կրնաք կրակել որու կ՚ուզէք, նոյնիսկ ձեր կողքը գտնուող սովորական մարդոց վրայ», - նշած է Արաքչին։

Ան ըսած է, որ ցուցարարները հրկիզած են 53 մզկիթ եւ ոչ մէկ իրանցի նման բան կ՚ընէր։

«Ցոյցերու երրորդ փուլ չկայ. մենք կը տեսնենք ահաբեկչական յարձակումներ», - շեշտած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։