image

«Զաւակ մեծցուր, խելքդ թռցուր».Յիշելով «Քեպապճի Մատթէոսը»

«Զաւակ մեծցուր, խելքդ թռցուր».Յիշելով «Քեպապճի Մատթէոսը»

Լիբանանահայ եւ վերջին տարիներուն հայրենիք տեղափոխուած Գէորգ Թորոյեանի գրիչէն կը կարդանք՝ 

Օրեր առաջ ընկեր մը եկած էր Լիբանանէն։ Հանդիպեցանք եւ զրուցեցինք։ Բնականաբար մեր զրոյցին նիւթերէն մէկը Պուրճ Համուտն էր։ Զրուցակիցս ալ Պուրճ Համուտ ծնած մեծցած է։ Ցաւով անդրադարձանք որ Պուրճ Համուտը այլեւս երբեք ալ նախկինը չէ։

Ակամայ մտովի գացի քանի մը տասնեակ տարի ետեւ։ Ինչու չեմ գիտեր յիշեցի իւրայատուկ անկիւն մը։

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ դիմացի հակառակ անկիւնը փայտաշէն կառոյց մը կար, որ քեպապնոց էր, տէրը՝ քեպապճի Մատթէոսը։ Երբեմն կ՛երթայինք քեպապ ուտելու։ Մատթէոսը միջին տարիքի, միջահասակ, լեցուն դէմքով, ճաղատ, շարժունակ եւ աշխատասէր մարդ մըն էր։ (Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ, 9 զաւակ ունէր)։ Այդ պատճառով ալ իր աշխատած վայրին կռնակը «պատին» թուղթի մը վրայ գրուած էր «Զաւակ մեծցուր, խելքդ թռցուր»։

Բնածի՞ն փիլիսոփայ էր թէ՞ կեանքը զինք այդպէս դարձուցած էր, չեմ գիտեր։ Ուրիշ գրութիւն մը եւս կար որ չեմ մոռցած. «Ծնած է սողալու, չի կրնար թռչիլ»։ Կար նաեւ սիրային քառեակ մը, որուն հեղինակը ինծի անծանօթ է։

«Սէրը ծով է անյատակ

Մի ըներ հետը կատակ,

Եթէ ընես հետը կատակ, 

Քեզ կը տանի ալեաց տակ»։

Փայտաշէն այդ քեպապնոց մեր սերունդին յիշողութեան մէջ կը յամենայ որպէս քեպապճի Մատթէոսին համեստ եւ տաքուկ վայրը, ուր կարելի էր հանդիպիլ բոլոր թաղերէն եկած հայ երիտասարդներու։

Պատերազմի աւարտէն ետք, փայտաշէն այդ կառոյցը քանդուեցաւ եւ քեպապճի Մատթէոսին քեպապնոցը փոխադրուեցաւ քանի մը տասնեակ մեթր անդին, աւելի կոկիկ, մաքուր, արդիական եւ առողջապահական խանութ մը։

Փայտաշէն այդ կառոյցին տեղը, 2015ին, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին, տեղադրուեցաւ Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող խաչքար մը։