Սպիտակ տունը կը քննարկէ միջամտութեան տարբերակներ՝ ի պատասխան Իրանի մէջ հարիւրաւոր ցուցարարներու սպանութեան մասին հաղորդագրութիւններու: Առաջարկուող տարբերակներու մեծ մասը չենթադրեր ռազմական գործողութիւններ: Ինչպէս նշած է CNN-ը, Ուաշինկթընը կը վախնայ, որ ռազմական հարուածները կրնան հակառակ արդիւնք տալ՝ ամրապնդելով աջակցութիւնն Իրանի ղեկավարութեան եւ ատով իսկ խաթարելով բողոքի շարժումը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող HRANA մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան տուեալներով՝ Իրանի մէջ շարունակուող անկարգութիւններու ընթացքին զոհուած է առնուազն 544 մարդ, ձերբակալուած աւելի քան 10600-ը: Զոհերու իրական թիւը կրնայ զգալիօրէն աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ երկրին մէջ արտաքին աշխարհի հետ կապը խիստ սահմանափակուած է համացանցի արգելափակման պատճառով:
Տանըլտ Թրամփը օդանաւին մէջ, կիրակի, Ֆլորիտայէն Ուաշինկթըն վերադառնալու ժամանակ ըսած էր, որ Սպիտակ տունը եւ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը կը վերլուծեն Իրանի մէջ ցուցարարներուն աջակցելու գործողութիւններու տարբերակները: «Զինուորականները կը վերանային իրավիճակը, եւ մենք կը քննարկենք քանի մը շատ հզօր տարբերակներ»,- լրագրողներուն ըսած է Միացեալ Նահանգներու առաջնորդը՝ աւելցնելով, որ կապի մէջ է իրանցի ընդդիմութեան առաջնորդներու հետ:
Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը նաեւ նշած է, որ Իրանի ղեկավարութիւնը դիմած է իրեն բանակցութիւններ վարելու խնդրանքով: