Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը խոստացած է բանակցիլ գործարար Իլոն Մասքի հետ՝ Starlink-ի միջոցով Իրանի մէջ համացանցային կապի վերականգնման վերաբերեալ։
«Մենք կը խօսինք այդ մասին, թերեւս համացանցի վերականգնման մասին, եթէ այդ հնարաւոր է։ Մենք կրնանք խօսիլ Իլոնի հետ, քանի որ, ինչպէս գիտէք, ան շատ լաւ է այս գործին մէջ։ Ան հիանալի ընկերութիւն ունի։ Այնպէս որ, մենք կրնանք կապուիլ Իլոն Մասքի հետ, եւ ես պիտի զանգեմ անոր անմիջապէս ձեզի հետ զրոյցն աւարտելէ ետք», - լրագրողներուն ըսած է Թրամփը, երբ հարցուցած են, թէ արդեօք Starlink-ը պիտի ուղարկէ Իրան։
Իրանի մէջ համացանցի անջատումները սկսած են երկրի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ։