image
Հրատապ լուրեր:

Ուրբաթ օրուընէ Իրանի հայ համայնքի հետ կապը կտրուած է. Սփիւռքի յանձնակատար

Ուրբաթ օրուընէ Իրանի հայ համայնքի հետ կապը կտրուած է. Սփիւռքի յանձնակատար

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու եւ բռնութիւններու սրման լոյսի ներքոյ հայկական կողմն անցեալ ուրբաթ օրուընէ տեղեկութիւն չունի այնտեղ գտնուող հայրենակիցներու վիճակի մասին եւ չի կրնար կապ հաստատել անոնց հետ։ Այս մասին ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը՝ նշելով, որ տեղեկատուական այս դադարը խիստ անհանգստացնող է։

Սինանեանի խօսքով՝ այսօրուընէ պիտի սկսին Մեղրիի մէջ Իրանի սահմանն անցնողներէն տեղեկութիւններ ստանալ։

«‎Ես համոզուած եմ, որ հիմա բնականոն հոսք կը լինի սահմանին, եւ կը փորձենք որոշակի հարցախոյզ անցկացնել, որպէսզի իմանանք ինչ է կատարւում Իրանում։ Այս տեղեկատուական դադարը մեզ շատ է անհանգստացնում»,-ըսած է Սինանեանը։

Անոր խօսքով՝ այս պահուն դեռ բաւարար տուեալներ չկան տարհանման մասին խօսելու համար։

Անդրադառնալով Իրան մասնագիտական խումբ ուղարկելու հաւանականութեան՝ յանձնակատարը նշած է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ այդ իրատեսական չէ, քանի որ անորոշ իրավիճակի մէջ անվտանգային մարմինները դէմ պիտի ըլլան նման քայլին։

Ըստ Սինանեանի՝ նախ պէտք է հասկնալ տեղւոյն մէջ տիրող պատկերը, յատկապէս հայաշատ քաղաքներու մէջ, որ հնարաւոր ըլլայ կողմնորոշուիլ յաջորդ ընելիքներու հարցով։

Իրանի մէջ 2025-ի դեկտեմբեր 28-էն բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսած են, որոնց սկզբնական պատճառը եղած են արժոյթի փոխարժէքի տատանումներն ու գիներու կտրուկ բարձրացումը։ Ազգային արժոյթի փլուզմամբ պայմանաւորուած անկարգութիւնները արագ վերածուած են վարչակարգի դէմ համազգային ցոյցերու եւ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին երթալով թափ կը հաւաքեն։