Հոլանտայի մօտ ՀՀ դեսպանութենէն յայտնած են, որ տարբեր լրատուականներու կողմէ եւ ընկերային հարթակներով տարածուող տեղեկատուութիւնը Հոլանտայի մէջ հայ կնոջ դանակահարութեան դէպքի վերաբերեալ տակաւին որեւէ պաշտօնական աղբիւր չէ հաստատած։ Նիւթին ներքեւ տեղադրուած լուսանկարին կինը, ողջ եւ առողջ է եւ առնչութիւն չունի ենթադրեալ դէպքին հետ։
«Յայտնում ենք, որ տարբեր լրատուականների կողմից եւ ընկերային հարթակներում տարածուող տեղեկատւութիւնը Հոլանտայում հայ կնոջ դանակահարութեան դէպքի վերաբերեալ այս պահին որեւէ պաշտօնական աղբիւր չի հաստատել։ Լուսանկարում պատկերուած կինը, որը տեղադրուել է այդ նիւթի ներքոյ, ողջ եւ առողջ է եւ առնչութիւն չունի ենթադրեալ դէպքին հետ:
Դեսպանութիւնը կապի մէջ է Հոլանտայի իրաւապահ մարմինների հետ՝ տեղեկատւութեան իսկութիւնը պարզելու նպատակով։
Խնդրում ենք զերծ մնալ այս հարցով հետագայ հրապարակումներից մինչեւ դեսպանութեան կողմից պաշտօնական տեղեկատւութեան հրապարակումը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։