Կը քննարկուի ոչ միայն միջազգային ատեաններէն հայցերը ետ կանչելու հարցը, այլեւ այդ վէճերէն ընդհանրապէս հրաժարիլը։ Այսօր մամուլի ասուլիսի ժամանակ այդ մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ մեկնաբանելով, թէ ինչ կը նշանակէ փոխադարձաբար հրաժարիլ հայցերէն։
«Հակառակ դէպքում կարող է ստացուել մի իրավիճակ, որ մենք ինչ-որ մի հարց յետ քաշեցինք, Ադրբեջանն էլ յետ քաշեց իր հայցերը, այսինքն՝ մենք պայմանաւորուեցինք, որ դա չենք տանում միջազգային ատեաններ, բայց եթէ յաջորդ փուլում Ադրբեջանը երկկողմ յարաբերութիւններում դա դնի սեղանին, դրա շուրջ կարող են լինել էսկալացիաներ»,-ըսած է Փաշինեանը։
Վարչապետը կը կարծէ, որ եթէ փոխադարձաբար վէճերէն հրաժարելու տարբերակը չըլլայ, ապա մենք մեր ճանապարհը փակած կ՚ըլլանք հնարաւոր մագլցումը կառավարելու համար։ Հետեւաբար, ըստ անոր, եթէ մենք այդ վէճերէն կը հրաժարինք ընդհանրապէս, այդ կրնայ ընդունելի ըլլալ, եւ հիմա այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։
Յիշեցնենք` 2024 թուականի դեկտեմբեր 18-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի երկու չհամաձայնեցուած կէտերէն մէկը կը վերաբերի միջազգային դատական ատեաններուն մէջ փոխադարձ հայցերէն հրաժարելուն։ 2025 թուականի յունուար 9-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակած է տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու առաջարկներ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր փոխադարձ պահանջներէն հրաժարելուն։
ՀՀ միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը յունուար 10-ին յայտարարած է, որ իրաւական վէճերը չեն խանգարեր խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին։