image

«Հատեալ ձեռքեր»ու հանելուկը կը սարսափեցնէ Ռուսաստանը

«Հատեալ  ձեռքեր»ու հանելուկը կը սարսափեցնէ Ռուսաստանը

Ռուսական ոստիկանութիւնը երկրի հեռաւոր արեւելեան մասին մէջ յայտնաբերած է պայուսակ մը, որ կը պարունակէ 27 զոյգ անդամահատուած ձեռքեր: Այս մասին կը գրէ «Տը Տէյլի Մէյլ»ը, նշելով, որ տեղի բնակիչներէն մէկը ծովափին անդամահատուած ձեռք նկատելով, տեղեկացուցած էր իշխանութիւնները, որոնց հետաքննութիւնները յանգեցուցած էին անդամահատուած ձեռքերով լեցուն պայուսակի մը բացայայտման:

 

Այս սարսաափազդու պայուսակը, ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, գտնուած է Սիպերիոյ մօտ գտնուող Խապարովսք շրջանին մէջ, Չինաստանի հետ սահմանին մօտ, որսորդական ժողովրդական վայրի մը մէջ, սակայն որսորդներէն ոչ մէկը կասկած յառաջացնող բան չրէ նկատած:

 

«Siberia Times»ը հաղորդած է,  որ մեծ առեղծուած մը կը շրջապատէ անդամահատուած այս ձեռքերու տէրերուն  ինքնութեան շուրջ, եւ թէ ինչու անոնք կտրուած են:

 

Թերթը նշած է, որ այս սարսափելի ոճիրի դրդապատճառի հաւանական վարկածներէն մէկը գողութեան յանցագործութեան համար պատիժը կրնայ ըլլալ, այլ տեսութեան համաձայն այս ձեռքերը անդամահատուած են հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող մեռելներու դիակներէն, սակայն առանց մէկ յստակ բացատրութեան: Կ'ենթադրուի նաեւ եւ ամէնաահաւոր վարկածը այն է, որ դիակները օգտագործուած են անօրինական կերպով մարմնի օրկանները գողնալու համար, իսկ ձեռքերը անդամահատուած են որպէսզի կարելի չըլլայ դիակներու ինքնութեան պարզումը: