image

Հայ կնոջ ինչութեան հանելուկը

Հայ կնոջ ինչութեան հանելուկը

Յաճախ կը կարծուի, թէ աշխարհը ղեկավարողը տղամարդիկ են. իրականութեան մէջ աշխարհի ապագան կնոջ ձեռքն է, որովհետեւ ի՛նք է որ զաւակ կը կրթէ եւ ապագայ նախարարը, ղեկավարը կամ առաջնորդը կնոջ փոխանցած դաստիարակութեամբ է որ հասակ կ՚առնէ եւ հետեւաբար առաքինի կին ունենալ՝ խոստմնալից ապագայ ունենալ կը նշանակէ: Հակառակ տիրող բոլոր յոռետեսութիւններու, տակաւին ունինք ուժը ըսելու, որ սփիւռքի մէջ կան տակաւին հայ կիներ եւ օրիորդներ, որոնց երակներուն մէջ կ՚եռայ հայու արիւնը։ Իգական սեռի ներկայացուցիչներ՝ որոնք պիտի յաջողին լոյս աշխարհ բերել հայեր, որոնք օտարութեան մէջ նոյնիսկ պիտի գիտնան կառչած մնալ իրենց հայութեան ու տէր կանգնին ազգային արժէքներուն:

 

Հայկական մամուլի մէջ կարելի է բազմաթիւ յօդուածներ ու վերլուծականներ գտնել «Հայ կին» խորագրին տակ. այդտեղ սակայն կարելի է գտնել բազմաթիւ հակասութիւններ: Շատեր իրենց գրութիւններուն մէջ կը մեծարեն հայ կինը, կը գնահատեն անոր ներդրումը մեր կեանքէն ներս, սակայն ի տարբերութիւն այս առաջիններուն, կը գտնուին մտաուորականներ, որոնք կը քննադատեն հայ կինը. օրինակի համար, եթէ կարդանք «Մեր հայրենիք»ի ամբողջական տարբերակը՝ «Իտալացի աղջկայ երգը», պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս Միքայէլ Նալպանտեան կը մեծարէ իտալացի աղջիկը եւ զանոնք համեմատելով հայ կնոջ հետ կ՚ըսէ. «բայց մեր կանայք ո՜ւր Եղիշէ, ո՜ւր մեր տիկնայք փափկասուն»։ Բանաստեղծը կը մեծարէ յեղափոխութեան պայքարով տոգորուած իտալացի աղջիկը, սակայն միւս կողմէ «փափկասուն» կը կոչէ հայ կինը, որ ի տարբերութիւն իտալացիին՝ իր զաւակը, եղբայրն ու ամուսինը չի՛ քաջալերեր երթալու պատերազմի դաշտ:

Միւս կողմէ, սակայն, կարելի է գտնել նոյն ժամանակաշրջանին ապրող տարբեր գրողներ, որոնք մեծարած են հայ կնոջ դերը. օրինակի համար, 14 մայիս 1881 թուականին «Մշակ» գրական եւ քաղաքական շաբաթաթերթին մէջ (թիւ 86) լոյս կը տեսնէ «Հայ կինը» անունով յօդուած մը, ուր հակառակ «Իտալացի աղջկան երգ»ին, գրողը կը մեծարէր հայ կնոջ դերը, ըսելով. «տնտեսութեան եւ խնայողութեան ոգին, յարգանք դէպի սրբութիւնը եւ սէր դէպի ընտանիքը պահպանւում են հայ ազգի մէջ, շնորհիւ նրա կնոջ, որ լիակատար տիրում է ընտանեկան կեանքում». գրողի համոզումով՝ կնոջ բարոյական ազդեցութիւնը հայ ընտանիքէն եւ բնականաբար ընկերութեան մէջ մեծ էր: Այդ բարոյական ազդեցութիւնն ու դերակատարութիւնը գրողը կը բացատրէ հետեւեալ տողերով. «Հայ կինը կրթում է մանուկներին ծնողական իշխանութեան հնազանդութեան մէջ եւ իր կրօնի վարդապետութիւններին համաձայն. աղջիկների կրթութեան վրայ առանձին ուշադրութիւն է դարձնում եւ ամբողջ Հայաստանը կարող է հպարտանալ նրանով»:

Սակայն վերջապէս շփոթի մէջ էր եւ գուցէ մինչեւ օրս է՛ թէ ինչ է հայ կնոջ իսկական դերը մեր ընկերային ու ազգային կեանքէն ներս. հայ կինը ունի՞ առաւելութիւններ, ինչ որ չունի օտարը եւ կամ հակառակը. այդ ինչպէ՞ս կ՚ըլլար, որ մին հայ կինը բարձրութեան վրայ կը տեսնէ, իսկ ուրիշ մը՝ ստորին մակարդակի վրայ։ 10 յունիս 1905 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող «Կոչնակ» շաբաթաթերթը կը հրատարակէ «Հայ կնոջ դերը այս երկրին մէջ» խորագրով խմբագրական մը, որուն մէջ հայ կնոջ որպէս օրինակելի տիպար ցոյց կու տայ ամերիկացի կիները։ Խմբագիրը մեծարելով ամերիկացի կիները կը գրէ. «Հայ կինը այս երկրին մէջ կրնայ գտնել տիպար կիներ, որոնք անգերազանցելի են իրենց առաքինութեանց մէջ: Այդ դասակարգի կիներ խոնարհ են, համեստ են, ուսանող են, գործունեայ են, մաքուր են եւ համբերող: Իրենց փառքը իրենց տունն է, իրենց երջանկութիւնը՝ իրենց ընտանեկան բարօրութիւնը եւ խաղաղ զարգացումը։ Իրենց գոհարները՝ իրենց զաւակներն են եւ ապագան անոնց դաստիարակութիւնը: Իրենց մտածողութիւնը իրենց տան հանգիստն է: Անոնք իրենց տան մէջ օգտակար ըլլալէ յետոյ կը ջանան ուրիշ շրջանակներու մէջ ալ օգտակար ըլլալ եթէ կարելի է: Անոնք կ՚ատեն ներկայ կեանքի փողոցային սանձարձակութիւնը»: Թէեւ զարմանալի, սակայն մինչեւ հոս կը տեսնենք, թէ խմբագիրը կը մեծարէ ամերիկացի կնոջ առաքինութիւնները. սակայն խմբագիրին հայ կնոջ հանդէպ ունեցած ստոր վերաբերմունքը ի յայտ կու գայ յաջորդող տողերուն մէջ. «անոնք կը զզուին ՄԵՐ չտեսներէն ոմանց աչքին առջեւ շողշողացող «տիվօրս»էն, անոնք կ՚արհամարհեն սիրամարգային պչրանքները եւ կը զմայլին կեանքի պարզութեան վրայ: Մեր հայ կիներէն ոմանք որչա՜փ պիտի ամչնային եթէ ստիպուէին այնչափ պարզ եւ անշուք հագուիլ»: Կա՛մ խմբագիրը ունէր ամերիկացի սիրած օրիորդ մը եւ կամ հայ աղջիկներէն մին իրապէ՛ս վիրաւորած էր պրն. Խմբագիրին սիրտը, ստիպելով որ նման տողեր արձանագրէ մամուլի էջերուն մէջ:

Իրականութեան մէջ անցեալի հայ կինը պէտք չէ համեմատել այլ ազգերու մէջ ապրող կիներուն հետ, որովհետեւ այն տագնապն ու արհաւիրքը որոնք մեր կիները ապրեցան՝ անոնք երբեք չապրեցան. եթէ այսօր դարձեալ հարց տանք, թէ ի՞նչ եղած է հայ կնոջ դերը, պէտք է ընդունիք, որ եթէ այսօր կը շարունակենք մա՛նաւանդ սփիւռքի մէջ խօսիլ, գրել ու որպէս հայ ապրիլ, այդ մէկը կը պարտինք հայ կնոջ. հայ կնոջ շնորհիւ է որ դարձեալ յարութիւն առաւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մահը դիմագրաւած ազգը. անապատի աւազին վրայ իր զաւակին այբուբենը սորվեցնող կինը վերացական գաղափարական մը չէ. ան պարզապէս հայելին է հայ կնոջ կամքին ու հայրենասիրութեան: Իտալացի աղջիկը իր երգին մէջ եղբայրը կը համոզէր, որպէսզի պայքարի, սակայն մեր պատմութեան մէջ եղած են հայ կիներ, որոնք ո՛չ թէ համոզած, այլ յանձն առած են միջամուխ ըլլալ նոյնինքն այդ պայքարին մէջ. վկայ բոլոր մեր իգական սեռի պատկանող նահատակները:

Յաճախ կը կարծուի, թէ աշխարհը ղեկավարողը տղամարդիկ են. իրականութեան մէջ աշխարհի ապագան կնոջ ձեռքն է, որովհետեւ ի՛նք է որ զաւակ կը կրթէ եւ ապագայ նախարարը, ղեկավարը կամ առաջնորդը կնոջ փոխանցած դաստիարակութեամբ է որ հասակ կ՚առնէ եւ հետեւաբար առաքինի կին ունենալ՝ խոստմնալից ապագայ ունենալ կը նշանակէ: Հակառակ տիրող բոլոր յոռետեսութիւններու, տակաւին ունինք ուժը ըսելու, որ սփիւռքի մէջ կան տակաւին հայ կիներ եւ օրիորդներ, որոնց երակներուն մէջ կ՚եռայ հայու արիւնը։ Իգական սեռի ներկայացուցիչներ՝ որոնք պիտի յաջողին լոյս աշխարհ բերել հայեր, որոնք օտարութեան մէջ նոյնիսկ պիտի գիտնան կառչած մնալ իրենց հայութեան ու տէր կանգնին ազգային արժէքներուն:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ հայ կինը եւս մարդ արարած է եւ բնականաբար ունի սխալներ ու թերութիւններ, սակայն զինք պէտք չէ համեմատել այլ ազգերու օրիորդներու եւ կիներու հետ, որոնք չեն ապրած եւ կամ չեն ապրիր այն մթնոլորտն ու իրավիճակը, ինչ որ մենք այսօր կ՚ապրինք ու կը դիմագրաւենք:

Խրիմեան Հայրիկ իմաստուն մըն էր եւ ամէ՛ն առիթի կը բարձրաձայնէր իգական սեռի ներկայացուցիչներու կրթութեան անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ կը գիտակցէր, որ փայլուն ապագան լոկ կնոջ դաստիարակութեան մէջ կարելի է գտնել: 

 

 

 

Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...