image

Ըստ «Հիւրիյէթ»ի Թուրքիան կանխազգուշացուցածէ Ռուսաստանը նոր ահաբեկչութիւններէ

Ըստ «Հիւրիյէթ»ի Թուրքիան    կանխազգուշացուցածէ   Ռուսաստանը   նոր ահաբեկչութիւններէ

Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւնները, մարտին մերձմոսկովեան Crocus City Hall համալիրի վրայ տեղի ունեցած յարձակումէն (զոհուած էր 145 մարդ, վիրաւորուած՝ աւելի քան 500-ը-Խմբ.) ետք, իրենց ռուս գործընկերները նախազգուշացուցած են Մոսկուայի մէջ նախապատրաստուող երկրորդ ահաբեկչութեան մասին, գրած է թրքական Hurriyet թերթը։

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ ահաբեկիչները ուզած են յարձակիլ մարդաշատ առեւտուրի կեդրոնի վրայ, սակայն Թուրքիոյ միջամտութեան շնորհիւ ահաբեկչութիւնը կանխուած է։

Հրատարակութիւնը պնդած է, որ ահաբեկչութիւնը նախապատրաստած էին Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ արգիլուած «Ուիլայաթ Խորասան» խմբաւորման զինեալները, որոնք կապուած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ:

Թրքական հետախուզական ծառայութիւնները երկար ժամանակ հետեւած են յունուարին Իսթանպուլի Սուրբ Մարիամ կաթոլիկ եկեղեցւոյ վրայ յարձակման մասնակցած «Ուիլայաթ Խորասան» ահաբեկչական կազմակերպութեան տեղական բջիջի գործունէութեան։ Իրաւապահ մարմինները հետաքննութեան շրջածիրէն ներս քանի մը անձանց հարցաքննած են, որմէ ետք կապ հաստատած են ռուսական կողմի հետ։