Ապրիլ 11-ին՝ ժամը 17:00-ին, Ազատութեան հրապարակին մէջ «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» դաշինքը կը հրաւիրէ համաժողովրդական հանրահաւաքի:
Այս մասին յայտնած են «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան դիմատետրեան էջի միջոցաւ:
«Դու ունես ուժը՝ ընտրելու քո ապագան: Ցոյց տանք մեր ժողովրդի ուժեղ կամքը, միասնականութիւնը, միայն մէկ առաջնորդ, որը ձեզ կը բերի ուժեղ միասնականութիւն, ուժեղ տնտեսութիւն, ուժեղ եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն»,-ըսուած է տեսանիւթին մէջ: