Ճեմարանականները կը շարունակեն իրենց ներդրումը ունենալ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` գիտական, գրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլազան բնագաւառներէն ներս, աշխարհի չորս ծագերուն :
Այսօր դպրոցէն ներս աշակերտական տօնակատարութիւններով մեկնարկը կը կատարուի 95-ամեակի ձեռնարկներուն, իսկ յառաջիկայ ամիսներուն Ճեմարանի մէջ թէ այլուր պիտի կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ` արժանավայել ձեւով նշելու համար Ճեմարանի 95-րդ տարեդարձը:
Ճեմարանը` 95 տարեկան
Համազգայինի Հայ Ճեմարանը հիմնուած է 3 մարտ 1930-ին, Պէյրութի մէջ։
95 տարիներէ ի վեր Հայ Ճեմարանը կառչած կը մնայ իր նպատակին` նորահաս սերունդներուն տալով ընդհանուր կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Իր հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի տեսլականին հաւատարիմ, Ճեմարանը հայ հանրութեան կ՚ընծայէ ընդհանուր գիտութիւններու տէր եւ հայ լեզուի, Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու Հայ դատի պահապան յանձնառու եւ գիտակից անհատներ:
Այսօր Ճեմարանը կը գործէ իր վեց բաժիններով` մանկամսուր, մանկապարտէզ, տարրական, նախակրթարան, միջնակարգ ու երկրորդական, եւ հակառակ ներկայ մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն` ան կը շարունակէ մարդակերտման եւ հայակերտման իր առաքելութիւնը, կը պահէ իր յատուկ ոգին ու եզակի մթնոլորտը, միաժամանակ տէր կը կանգնի աւանդականին ու քայլ կը պահէ այժմէականին հետ:
Ճեմարանականները կը շարունակեն իրենց ներդրումը ունենալ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` գիտական, գրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլազան բնագաւառներէն ներս, աշխարհի չորս ծագերուն :
Այսօր դպրոցէն ներս աշակերտական տօնակատարութիւններով մեկնարկը կը կատարուի 95-ամեակի ձեռնարկներուն, իսկ յառաջիկայ ամիսներուն Ճեմարանի մէջ թէ այլուր պիտի կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ` արժանավայել ձեւով նշելու համար Ճեմարանի 95-րդ տարեդարձը:
Այս առիթով կազմակերպուած է նաեւ Ճեմարանի 95-ամեակը ներկայացնող տարբերանշանի պատրաստութեան մրցոյթ մը: Ընտրուած տարբերանշանը պիտի գործածուի 95-ամեակի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքին, ըլլան անոնք հրապարակային ձեռնարկներ, հրատարակութիւններ կամ առցանց աշխատանքներ: Մրցոյթի մանրամասնութիւններուն համար կարելի է հետեւիլ Ճեմարանի ընկերային ցանցերու յայտարարութիւններուն:
Վա՛րձքը կատար` հայ դպրոցին հաւատացողներուն եւ հայ դպրոցին դաստիարակութեան վստահած հայ ծնողներուն ու ընտանիքներուն:
Վա՛րձքը կատար` Ճեմարանի առաքելութեան հաւատացող անխոնջ ու նուիրեալ կրթական մշակներուն:
Ջահդ տակաւին երկար տարիներ վա՛ռ պիտի մնայ:
Տարեդարձդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ Ճեմարան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ