Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ.Ն.Գ.Կ. Կեդրոնական Վարժարանի 10֊րդ դասարանի աշակերտներ՝ Աննա Նազարեան, Մեղրիկ Պուտագեան եւ Տէնի Թիւֆէնքճեան պիտի մասնակցին համա֊սուրիական գիտական օլիմփիատային։ Այս մասին ֆէյսպուքի միջոցաւ կը տեղեկացնէ օրդ. Թամար Խապայեան, նշելով, որ երեք աշակերտները Հալէպի մակարդակով լաւագոյն տեղեր գրաւած ըլլալնուն համար, ներկայացուցչական իրաւունք ստացած են՝ Հալէպի կողմէ մասնակցելու 21֊23 յունուարին Դամասկոսի մէջ կայանալիք սուրիական գիտական օլիմփիատային: