image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նախագահը Հարցազրոյց Տուած է Լիբանանեան «Էլ Նաշրա» Կայքին

Հալէպի Աւետարանական  Եկեղեցւոյ Նախագահը Հարցազրոյց Տուած է Լիբանանեան  «Էլ Նաշրա» Կայքին

Սուրիա-Հալէպ. Հալէպի Աւետարանական եկեղեցւոյ Նախագահ՝ Հայր Իպրահիմ Նուսէյր զինեալներուն Հալէպի ժողովուրդին դէմ գործադրած արարքները նկարագրած է, որպէս «ամօթանք միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ճակատին», նշելով, որ անոնք «սկսած են անմարդկային արարքներ կատարել, աւելի քան 26 օր ջուրը կտրած են Հալէպէն, ամէն ինչ ըրած են ելեկտրականութիւնը անջատելու, ինչպէս նաեւ համացանցը»: Հայր Նուսէյր «Ալ Նաշրա» կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է նաեւ, թէ «զինեալները ջանք չեն խնայած ճնշելու համար Սուրիոյ ժողովուրդը: Աւելին, ռմբակոծութիւնները չեն դադրիր այն շրջաններուն վրայ, ուր վարչակարգը կ'իշխէ»: Հայր Նուսէյր զինեալներուն արարքներն ու տեղացի ժողովուրդին ահաւոր վիճակին պատասխանատուութիւնը  բեռցուցած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ բոլոր այն պետութիւններուն վրայ, որոնք կ'աջակցին այդ զինեալներուն: Հայր Իպրահիմ յայտնած է նաեւ, թէ բազմաթիւ հալէպցիներ լքած են քաղաքը իրենց կեանքը ապահովելու համար, սակայն միաժամանակ այն յայտնած է, թէ անոնցմէ շատերը ետ   Հալէպ պիտի  վերադառնան, եթէ վիճակը քիչ մը լաւանայ: Հայր Նուսէյր ըսած է նաեւ, թէ քաղաքացիները սկսած են հորեր փորել, որպէսզի ջուր ունենան, եւ ըսած, թէ իր եկեղեցին ալ հոր մը փորած է, ջուր բաժնելու համար: Նուսէյր, ուրիշ առաջնորդի մը բերանով փոխանցած է կայքին, թէ «Սուրիոյ քրիստոնեաներուն երեք քառորդը արդէն Սուրիայէն դուրս է ներկայիս»: Սակայն ըստ Հայր Նուսէյրի այս երեւոյթը այդքան ալ վտանգաւոր չէ, որովհետեւ միլիոնաւոր սուրիացիներ լքած են իրենց երկիրը, եւ միլոնաւորներ ալ Սուրիոյ մէջ այլ աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուած են, եւ բնականաբար քրիստոնեաներն ալ, ըլլալով Սուրիոյ քաղաքացիներ  նոյն  վիճակներուն մէջ են: