Հալէպ տանող երկու հիմնական ճանապարհները կը շարունակեն մնալ բաց: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ վստահեցուց, որ դէպի Հալէպ տանող Քասթէլոյի գլխաւոր ճանապարհը բաց է, բայց անոր շուրջ առկայ ահաբեկիչ զինեալներու դիրքերը ճանապարհը կը դարձնեն թիրախ եւ վտանգաւոր: Այլ գետնի վրայ եւ ըստ լրատուական աղբիւրներու Սուրիոյ բանակը կարեւոր համարուած գործողութեամբ իր տիրապետութեան տակ առած է Հալէպի Հարաւ- արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուող Րամուսա աւանը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ այդ շրջանին մէջ եղող ընդդիմադիր ջոկատներ ծանր կորուստներ կրելով խոյս տուած են շրջանի ճակատներէն: Նշենք, որ ասկէ շուրջ ամիս մը առաջ Րամուսան անցած էր ընդդիմադիր ջոկատներու տիրապետութեան տակ: Այսպիսով Սուրիոյ բանակը յաջողած է ոչ միայն վերագրաւել ամիս մը առաջ իր կորսնցուցած դիրքերը, այլ ընդդիմադիրներուն դէմ դրուած պաշարման օղակը աւելիով սեղմել: Սուրիոյ բանակի մէկ բանբերը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, թէ Րամուսայի ճանապարհը քաղաքացիներուն առաջ պիտի բացուի յառաջիկայ ժամերուն: