Տաւուշցիք բացած են Երեւան-Թիֆլիս միջպետական ճանապարհը։ Տաւուշցիք Երեւանի ու Պաքուի 19 ապրիլի պայմանաւորուածութիւններէն յետոյ, ի նշան բողոքի, փակած էին Երեւան-Թիֆլիս ճանապարհը։
Տաւուշի սահմանամերձ 4 գիւղի վարչական ղեկավարները 22 ապրիլին պիտի հանդիպին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ:
Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է Կիրանցի վարչական ղեկավարը։
Հանդիպման պիտի քննարկուին սահմանի հետ կապուած հարցերը, եւ պիտի ներկայացուին բնակիչներու մտահոգութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովները 19 ապրիլին պայմանաւորուած են սահմանազատումը սկսիլ Տաւուշի մարզէն։