Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հայերէնի պահպանումն ու զարգացումը կը շարունակեն մնալ մեր ազգային կեանքի առաջնահերթ խնդիրներէն։ Այս գիտակցութեամբ կազմակերպուող գիտաժողովներն ու հանդիպումները ոչ միայն գաղափարներու փոխանակման առիթ կու տան, այլեւ կը խթանեն կրթական եւ մշակութային համագործակցութիւնը սփիւռքի տարբեր կառոյցներուն միջեւ։ Այս շրջագիծին մէջ օրերս ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Տիար Ռազմիկ Փանոսեան։
Դոկտ. Փանոսեանի սոյն այցը կը կարեւորուի նաեւ այն տեսլականով, որուն ատաղձը կը կազմէ Արեւմատահյերէն լեզուի հանդէպ հոգատարութիւնն ու նոր ծրագիրներու մշակումը։
Ստորեւ Փանոսեանի այցելութեան եւ Առաջնորդ Սրբազան հօր հետ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպման մասին եղած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Տիար Ռազմիկ Փանոսեանի, որուն կ՛ընկերակցէր Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու՝ Տիկին Անի Կարմիրեան:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս ողջունեց հիւրերը եւ գնահատեց Հիմնարկութեան ի գործ դրած կրթական եւ մշակութային զանազան ծրագիրներն ու աշխատանքները յատկապէս հայերէնատիրութեան այնքան կարեւոր գործին մէջ: Զրոյցի ընթացքին պարզ դարձաւ, որ Արեւմտեան Թեմի կրթական կառոյցներու հետ սերտ գործակցութիւն ունեցող Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան պատասխանատուները Լոս Անճելըս կը գտնուին՝ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով» գիտաժողովին առիթով:
Իրենց խօսքին մէջ, այցելու հիւրերը Հիմնարկութեան կողմէ կազմակերպուած գիտական այս ձեռնարկին մասին տուին անհրաժեշտ բացատրութիւններ եւ անդրադարձան անոր հետապնդած նպատակներուն:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց գիտաժողովին եւ Հիմնարկութեան ազգօգուտ աշխատանքներուն: