Սուրիոյ Պասքէթպոլի աղջկանց կրտսեր խումբերու մրցաշարքը երէկ՝ 1 յուլիսին հասաւ իր աւարտին: ՀԵԸ հայկական ակումբը երկրորդ անգամ ըլլալով ստաձնեց ախոյեանի տիտղոսը:
Եզրափակիչ խաղը տեղի ունեցած էր Դամասկոսի մէջ:
ՀԵԸ-ի աղջկանց պասքէթպոլի կրտսեր խումբը վերադառնալով Հալէպ, առ ի գնահատանք, ՀԵԸ-ի Մարզական յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Ժագ Հատտատի գլխաւորութեամբ հիւրընկալուած էր Հալէպի կուսակցապետ Տիար Ֆատէլ Նաճճարի կողմէ, կուսակցութեան կեդրոնէն ներս:
Ֆատէլ Նաճճար հանդիպումին ընթացքին շնորհաւորեց ՀԵԸ-ը անոր արձանագրած յաղթանակին եւ ախոյեանութեան տիտղոսին առիթով: Շնորհակալութիւն յայտնեց խումբին եւ ՀԵԸ-ի Մարզական Յանձնախումբին իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին համար, մաղթելով, որ ՀԵԸ նորանոր յաղթանակներ արձանագրէ եւ նոր ախոյեանութիւններու տիրանայ: