image

Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար հիմք կայ եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը պարզ են. Էրտողան

Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար հիմք կայ եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը պարզ են. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Պաքուէն վերադառնալու ժամանակ օդանաւին մէջ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն։

Այս մասին հաղորդած է ermenihaber.am-ը:

Անդրադառնալով թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու հարցին՝ Էրտողանը նշած է․ «Ես դեռ յոյս ունիմ՝ Ասատի հետ կապուած։ Յոյս ունիմ, որ երբ հանդիպինք Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները հունի մէջ կը դնենք։ Քանի որ մենք պէտք է ոչնչացնենք ահաբեկչական կառոյցները Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ»։

Ըստ Էրտողանի՝ Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար հիմք կայ եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը պարզ են։

«Մենք կարգաւորման հարցով սուրիական կողմին ձեռք մեկնած ենք։ Կը կարծենք, որ այս կարգաւորումը սուրիական հողերուն վրայ հանգստութեան ու խաղաղութեան դուռ կը բանայ։ Մենք չենք, որ կը սպառնանք Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան»,- աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը։