Լիբանանի սահմանի մօտ հասցուած իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով Սուրիոյ ալ-Քուսէյր քաղաքի շրջանին մէջ ամբողջութեամբ կամ մասնակի աւերուած է եօթ կամուրջ, որոնցմէ երկուքը՝ պատմական: Այս մասին սուրիական Sham FM ռատիոկայանին յայտնած է քաղաքային վարչակազմի ղեկավար Ռամեզ Սաատիան։
«Ալ-Քուսէյր քաղաքի շրջանին մէջ իսրայէլեան յարձակման ընթացքին հարուածներ հասցուած են բոլոր կամուրջներուն, որոնք Ալ-Ասա գետի արեւմտեան ափը կը կապէին արեւելեան ափի գիւղերու հետ, արգելափակուած է մայրուղիներով երթեւեկութիւնը քաղաքի եւ անոր շրջակայքի միջեւ»,-ըսած է ան։
Տեղական իշխանութիւնները կ՚աշխատին գետի վրայէն ժամանակաւոր անցումներու կառուցման ուղղութեամբ, որ տեղացիներու, հրշէջներու եւ փրկարարներու հասանելիութիւն ապահովեն քաղաքէն կտրուած շրջաններուն:
Հոկտեմբերի վերջէն ի վեր Սուրիոյ արեւմուտքը՝ Հոմս նահանգին մէջ գտնուող ալ- Քուսէյր քաղաքի շրջանը բազմիցս ենթարկուած է իսրայէլեան օդուժի հարուածներուն: