Հալէպի հարաւային շրջանին վրայ այսօր տասնեակ հրթիռներ ինկած են: Այս մասին «Արեւելք» իր տեղեկութիւնը ստացաւ Հալէպի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով ինկած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Կը տեղեկանանք նաեւ, որ հրթիռներէն մէկը ինկած է Խալտիյէ շրջանին մէջ գտնուող վարժարանի մը վրայ եւ պայթումներէն ետք լսելի դարձած են դպրոցին մէջ եղող աշակերտներու օգնութեան աղաղակները: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսօր յետմիջօրէին ահաբեկիչ զինեալերու թիրախ դարձած է Հալէպի Էշրէֆիյէ շրջանը, ուր նոյնպէս գրանցուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Նախնական տուեալներով հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են 6 անձեր իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 25-ը: