Գիւղի ուղղութեամբ այսօր գիշեր կրակոցներ լսուած են, տեղացիները լսած են ատոնց ձայները, ըսած է Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ Խնածախ գիւղի վարչական ղեկավար Սէյրան Միրզոյեանը:
Միրզոյեանի խօսքով՝ կրակոցները կը շարունակուին քանի մը վայրկեան, յետոյ դադար կու տան ու նորէն կը սկսին:
«Վերջին անգամը համարենք այսօրը, գիշերն ենք կրակոցի ձայներ լսել: Մի խօսքով, մարտի 20-ից մինչեւ օրս կայ, էլի: Ինտենսիւ կրակոցներ չեն, հեռու դիրքերից մի տասն անգամ կրակոցներ ենք լսում»,-ըսած է Միրզոյեանը:
Անդրադառնալով տեղացիներու տրամադրութեան՝ ան նշած է. «Նորմալ է, բայց անհանգստութիւն կայ մէջները, որ այսքան երկար ժամանակ կրակոցներ չեն եղել, բայց հիմա կայ, դրա համար են մտահոգ, քանի որ հիմա գիւղատնտեսական աշխատանքներով են զբաղուած»:
Յիշեցնենք, որ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը մարտ 26-ին խորհրդարանին մէջ յայտնած էր, որ սահմանի երկայնքով կրակոցներու դէպքեր կ՚ըլլան, սակայն ատոնք Հայաստանի ուղղութեամբ չեն:
Լուրը՝ Tert.am-էն