image

Հալէպ 5-րդ Օրն Է, Որ Կը Մնայ Պաշարման Տակ

Հալէպ  5-րդ  Օրն Է, Որ  Կը Մնայ  Պաշարման Տակ

Սուրիա- Հալէպ դարձեալ  յայտնուած է   պաշարման   օղակի տակ: Այս մասին  «Արեւելք»  իմացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն: Մեր   աղբիւրը նաեւ նշեց, որ     արդէն  5 -րդ օրն է որ   Հալէպը սուրիական միւս նահանգներուն կապող Խանասէր  գլխաւոր մայրուղին  կը մնայ փակուած եւ  ահաբեկիչ  զինեալներու տիրապետութեան տակ:   Պաշարման հետեւանքով  կտրուկ աճ  արձանագրած  են   առաջնային    օգտագործման ապրանքատեսակներու գիները : Քաղաքը նաեւ զրկուած է ելեքդրականութեան եւ ջուրի մատակարարումներէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ նշեց, որ մեծ   հրդեհ մը   ծագած է քաղաքի «Ալ Րամուսա»   կազի   գլխաւոր գործարանին մէջ, որ նոյնպէս պատճառ դարձած է կազի   մատակարարման դադրեցման: Մեր աղբիւրը  հաղորդեց, որ բանակը  թէժ մարտեր կը մղէ    զինեալներու    տիրապետութիւնէն ազատագրելու համար  Խանասէր- Ասրիա   մայրուղին:   Կը հաղորդուի նաեւ, որ Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորումը       անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած է  Հալէպի հարաւը գտնուող Ասրիա  հատուածին մէջ  օգտագործելով  4 թոն  պայթուցիկ նիւթ պարունակող   բեռնատար   կառք մը  եւ  պայթումին հետեւանքով յաջողած է գրաւել  շրջանին մէջ գտնուող  անցարգելային կէտը:   Ըստ մեր աղբիւրին Հալէպի  մէջ ապրուստի գնաճի   տագնապը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ, եթէ Խանասէրի  ճանապարհը մնայ փակ: