image

Haaretz. Հիմնական հարցը վստահութեան հարցն է

Haaretz. Հիմնական հարցը վստահութեան հարցն է

Իսրայէլեան Haaretz թերթը հաստատած է, որ «Իսրայէլի մէջ չկայ խորհրդարանական քաղաքական ընդդիմութիւն, եւ որ բոլոր վերաբնակիչները «հաւաքագրուած» են բանակին  կողմէ, արտայայտելով իր վախը բանակի հանդէպ վստահութեան կորուստի գաղափարէն։

Լուրը համադրեց՝  «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին» 

Իսրայէլեան «Հաարէց» թերթը նշած է, որ «Իսրայէլի մէջ չկայ խորհրդարանական քաղաքական ընդդիմութիւն, եւ  նոյնիսկ՝ քաղաքացիական ընդդիմութիւն, եւ որ բոլոր վերաբնակիչները «զօրակոչիկներ» են բանակին  համար եւ իր մտավախութիւնը յայտնած է բանակի նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցնելու  գաղափարէն՝ ըսելով. «Մենք բոլորս զօրակոչուած ենք, որովհետեւ... Եթէ իսրայէլեան բանակին հանդէպ մեր կոյր վստահութիւնը  վերանայ, մեր ամբողջ աշխարհը կը փլուզի»։

Թերթը նշած է, որ «նորմալ» երկիրներու մէջ» ուսանողները մեծաւ մասամբ խաղաղ են եւ անոնք հիմնական վճռականօրէն կը հակադրուին «իշխող ռեժիմ»ի դիրքորոշման, սակայն այդ չի վերաբերիր Իսրայէլին, ուր ուսանողներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ եւ ակադեմիկոսներ կ՚առաջնորդուին Իսրայէլի բանակի բանբերի խօսքերով եւ կ՚ընդունին անոր խօսքերը «որպէս Թորա» (իսրայէլացիներու Սուրբ Գիրքը) ։

 

Իսրայէլի մէջ բոլորը «հաւաքագրուած են»

Պարբերականը  շարունակած է,  նշելով, թէ  Իսրայէլի մէջ արուեստը զօրակոչուած է, լրագրութիւնը զօրակոչուած է,  ակադեմիան զօրակոչուած է. ամէն ինչ իրականութեան մէջ զօրակոչուած է «բացարձակ յաղթանակի» գաղափարին  համար, եւ «ոչ ոք կը համարձակի կասկածի տակ դնել բանակի վստահութիւնը եւ անոր  բարոյականութիւնը», ընդգծելով, որ որեւէ ապացոյց այն մասին, որ իսրայէլեան բանակը  ռազմական յանցագործութիւններ կը կատարէ Կազայի մէջ, անմիջապէս կը դասուի որպէս հակասեմականութեան ապացոյց եւ կը հանուի կամ կը հեռացուի:

Թերթը մէջբերած է այն, ինչ տեղի ունեցած էր դոկտոր Ռեճեւ Նաթանոընի հետ, երբ համալսարանի լրագրութեան բաժնի ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ ան այլեւս զիրենք չի ներկայացներ եւ ուսանողները պահանջեցին անոր հեռացնել աշխատանքէն, այն պատճառով, որ ան ստորագրած էր ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած խնդրագրին տակ, որուն մէջ Պայտընին կոչ կ՚ընեն դադրեցնելու յարձակողական զէնքի եւ գումարի փոխանցումը Իսրայէլին՝ վախնալով, որ ան Ցեղասպանութիւն կը գործէ Կազայի մէջ։

Haaretz  կը գրէ, որ հակառակ խօսակցութիւններուն «աւելի քան 32,000 Կազայի բնակիչներու սպանութեան մասին, որոնց 70%-ը կանայք եւ երեխաներ են, եւ հազարաւորորներու, որոնք թաղուած են փլատակներու տակ, եւ զինուորներու կողմէ ռազմական յանցագործութիւններու մասին վկայութիւններուն, այս ամէնը «չ՚ոչնչացնէր իսրայէլացիներու վստահութիւնը իսրայէլեան բանակին նկատմամբ», ընդգծելով, որ սա «ինքնախաբեութեան» վառ օրինակ է։

Պարբերականը նշած է, որ կայ «կառչում որոշակի համոզմունքէ, թէեւ մեր աչքին առաջ կը կուտակուին ատոր կեղծ ըլլալու ապացոյցները»։  Haaretz այս երեւոյթը վերագրած է այն փաստին, որ բոլոր վերաբնակիչները մաս են այն կառոյցին, որուն վրայ հիմնուած է անոնց տեսլականը բանակի կերպարի վերաբերեալ, նկատի ունենալով, որ «Իսրայէլի մէջ բոլորը՝ տղամարդիք եւ կանայք, զինուորներ են, ներկայիս, անցեալին եւ ապագային, ուստի մենք բոլորս նաեւ զինուորներու հայրեր, եղբայրներ, ընկերներ ենք», եւ եթէ «այս պատկերը քանդուի, ամէն ինչ կը փլուզուի»։