image

Haaretz.«Իսրայէլի մեկուսացումը կը շարունակէ աճիլ»

Haaretz.«Իսրայէլի մեկուսացումը կը շարունակէ աճիլ»

Հաարէթց կը խօսի Իսրայէլի ապրած միջազգային մեկուսացման մասին՝ զգուշացնելով, որ ԱՄՆ-ի եւ դաշնակիցներու հետ համագործակցութիւնը «մշտապէս հնարաւոր պիտի չըլլայ», եթէ չփոխուի վարուող քաղաքականութիւնը, մանաւանդ աշխարհի մէջ Իսրայէլի «ընդհանուր  պատկեր»ի անկման զուգահեռ։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը հաստատած է, որ Իսրայէլ կ՚ապրի «միջազգային մեկուսացման մէջ»՝ ընդգծելով, որ այդ մեկուսացումը «պիտի չվերանայ, եթէ Իսրայէլ չընդունի արմատապէս փոխել իր  քաղաքականութիւնը»։

Ներքին գործերու նախկին նախարար եւ Քնեսեթի նախկին պատգամաւոր Ուզի Պարամի յօդուածով  թերթը  բացատրած է, որ «այն ինչ հնարաւոր դարձուց Իսրայէլի համագործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ որոշ դաշնակիցներու հետ, Իրանի առանցքի  հատուած  ըլլալու փաստն է, որ կը ներառէ այնպիսի երկիրներ, ինչպիսք են՝ Ռուսիան, Չինաստանը եւ Հիւսիսային Քորէան»։

Սակայն այս համագործակցութիւնը «կ՚առաջանայ միայն համաշխարհային ճգնաժամի ժամանակ, եւ հասանելի չէ բոլոր ժամանակներուն», -աւելցուցած է թերթը:

«Հաարէթց» կը կարծէ, որ «Իսրայէլ  չի ​​կրնար ինքզինք խաբել, որ միշտ պիտի կարենայ յոյս դնել այդ համագործակցութեան վրայ», այն ժամանակ, երբ «Ան ականատես կ՚ըլլայ իր օրինական պետութեան կարգավիճակի արագ անկման՝ աշխարհի շատ  հատուածներու մէջ»։

Պարբերականը նաեւ մատնանշած է, որ «արաբական աշխարհի պոյքոթը նախապէս թշնամութիւն առաջացուցած էր Իսրայէլի նկատմամբ»՝ ստիպելով բազմաթիւ միջազգային կարեւոր ընկերութիւններ խզել կապերը անոր հետ, «Սակայն արաբները  չկրցան այդ վերաբերմոնքը տարածել համաշխարհային հասարակական կարծիքի վրայ. եւ աւելի ուշ այն վերացաւ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ բնականոնեցման պայմանագրերէն ետք»։

 

«Իսրայէլի մեկուսացումը ողջ աշխարհի մէջ դիմադրութեան եւ թշնամանքի հետեւանք  է»

Իսկ այսօր Իսրայելի մեկուսացման պատճառը այլ է, քանի որ այդ «աշխարհի բազմաթիւ երկրներու քաղաքացիներու դիմադրութեան եւ թշնամանքի արդիւնքն է», ըստ թերթին։

Այս պարունակին մէջ  աղբիւրը յայտնած է, որ Իսրայէլի մեկուսացման մասին խօսակցութիւնները կը նուազին անոր առջեւ ծառացած միւս խնդիրներուն համեմատ՝ ի դէմս «Համաս»ի, գերիներու եւ Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի, ուր հասարակական կարծիքը եւ որոշ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը կարծեն, որ «մեկուսացումը ժամանակաւոր է, անմիջական, եւ ոչ էական»։

Այնուամենայնիւ, «Հաարէթց» մատնանշած է, որ «Իսրայէլի մեկուսացումը այսօր պայմանաւորուած է նաեւ իրական պոյքոթով: Ցուցարարներուն համար իւրաքանչիւր ապրանք կամ մշակութային արտադրանք, որ իսրայէլական է, կամ կապ ունի անոր հետ, ակնյայտօրէն անօրինական է: Աւելին, սիոնիզմը, անոնց կարծիքով, դարձած է ճնշումներու, ցեղապաշտութեան շարժում»։

Բացի այդ, թերթը դիտել կու տայ, որ «Իսրայէլ, որ կանգնած է մէկ կողմէ՝ ռազմավարական դաշինքի եւ միւս կողմէ խոր մեկուսացման առաջ», կարիք չունի պատերազմ հրահրող յայտարարութիւններու, որոնք կ՚ըլլան, թերթի բնութագրմամբ, «քաղաքական քարանձաւներու բնակիչներ»ու կողմէ, ինչպիսիք են՝  ֆինանսներու նախարար Պեզալել Սմոթրիչը եւ ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պըն Կըվիրը։

Թերթը եզրափակած է, գրելով, որ «Իսրայէլին անհրաժեշտ է խորհրդարանական եւ կառավարական համակարգ, որ կը գիտակցի, որ մեկուսացումը պիտի չվերանայ, եւ որ ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը չի կրնար նախկին հունին  վերադառնալ,  այնքան ժամանակ, որ Իսրայէլ  վերատեսութեան չէ ենթարկած իր այսօրուան քաղաքականութիւնը»։