Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքի Տեսուչ Հայր Սուրբը այցելութիւն տուած է Մայր Աթոռ։
Ինչպէս Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Դիմատետրեան էջը կը նշէ, այցի նպատակը եղած է համագործակցութեան մեկնարկ մը տալ երկու դպրեվանքներուն միջեւ։
Ողջունելով նման կարեւոր եւ այժմէական նախաձեռնութիւնը «Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
2-5 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն (Էջմիածին)՝ գործակցութեան աշխատանք մեկնարկելու Դպրեվանքին եւ Գէորգեան ու Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարաններու միջեւ։
Արդարեւ, Դպրեվանքի հայր սուրբը եւ Գէորգեան ու Վազգէնեան ճեմարաններու տեսուչ Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան, որոնց ընթացքին քննարկուեցան հոգեւոր դպրանոցներու յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ գործակցութեան կարելիութեան առնչուած նիւթեր։ Հանդիպումները ընդգրկեցին շինիչ խորհրդակցութիւններ եւ գործնական աշխատանքներու գծով գաղափարներու փոխանակում։ Քննարկումները պիտի շարունակուին հետեւողական հանդիպումներով։
Նշենք, որ յիշեալ հանդիպումներուն ներկայ էին նաեւ Գէորգեան Ճեմարանի փոխ տեսուչ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Աբղ. Սմբատեան եւ ուսումնակրթական տնօրէն Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Վարդանեան։
Նաեւ յայտնենք, որ տեսուչ հայր սուրբը Արցախէն տեղահանուած ընտաիքներու այցելեց՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աջակցութիւնը ցուցաբերելու եւ արցախահայ աշակերտներու «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ ուսանելու առիթը ընծայելու: