image

Իսրայէլի մէջ «համատարած» անվստահութեան մթնոլորտ կը տիրէ . Wall Street Journal

 Իսրայէլի մէջ «համատարած» անվստահութեան մթնոլորտ կը տիրէ . Wall Street Journal

The Wall Street Journal-ը կը հաղորդէ Նեթանիահուի, Կալանթի եւ Կանցի միջեւ շարունակուող վէճերու մասին՝ Կազայի դէմ պատերազմը կառավարելու հարցով.եւ այս տարաձայնութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան այն հարցի վրայ՝ թէ արդեօք պատերազմը պիտի վերածուի Իրանի հետ աւելի մեծ եւ տարողունակ շրջանային պատերազմի։ 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին։

Ամերիկեան Wall Street Journal թերթը հաստատած է, որ «Իսրայէլի մէջ «պատերազմի առաջնորդներ»ը, մասնաւորապէս՝ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթ եւ պատերազմի գրասենեակի նախարար Պենի Կանց, չեն վստահիր իրարու»։

 

Պարբերականը աւելցուցած է, որ «Համաս»-ի դէմ պայքարի լաւագոյն ուղիներու շուրջ երկարատեւ վրդովմունքն ու տարաձայնութիւնները յանգեցուցած են «պատերազմի ժամանակ Իսրայէլի մէջ որոշում կայացնողներու միջեւ յարաբերութիւններու մեծ լարման»։

Պարբերականը նաեւ բացատրած է, որ երեք պաշտօնեաները տարաձայնութիւններ ունին ամենամեծ որոշումներու հարցով, որ պէտք է կայացնեն, եւ որոնք կը վերաբերին «վճռական ռազմական արշաւ սկսելու ձեւին, Կազայէն գերիներու վերադարձին եւ պատերազմէն ետք Կազայի հատուածի կառավարման»։

The Wall Street Journal-ը կը կարծէ, որ Իսրայէլի մէջ իշխանութեան համար պայքարը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ այն հարցի վրայ՝ թէ արդեօք Կազայի պատերազմը պիտի վերածուի Իրանի հետ տարածաշրջանային պատերազմի, բան մը, որ նաեւ պիտի փոխէ աշխարհաքաղաքական համակարգը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ պիտի որոշէ Իսրայէլի յարաբերութիւններու ձեւը Միացեալ Նահանգներու հետ։

«Նաթանիահուի համար ամենակարեւորը անոր քաղաքական գոյատեւումն է»

 

The Wall Street Journal-ը մէջբերած է Իսրայէլի ներկայ եւ նախկին պաշտօնեաներու խօսքերը, որ Նաթանիահուն չէ տեղեկացուցած Կալանթը եւ Կանցը՝ իր ընդունած հիմնական որոշումներու մասին:

Այս ծիրէն ներս ան նշած է, որ Նաթանիահուն «ուզած է Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական օգնութեան համար նշանակել պատասխանատու մը, որ ուղղակիօրէն կը զեկուցէ վարչապետի գրասենեակին՝ շրջանցելով անվտանգութեան նախարարը, այսպիսով փորձելով «վերահսկել Կազա մտնող սննդամթերքն ու մատակարարումները»:

Թերթը մէջբերած է նախկին պատգամաւոր եւ «Ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու հիմնարկ»ի ռազմական վերլուծաբան Օֆեր Շելահի խօսքերը, գրելով, որ «Նաթանիահուի համար ամենակարեւորը անոր քաղաքական գոյատեւումն է... Որքան երկար տեւէ ներկայ իրավիճակը, այնքան կը մեծնան անոր վարչապետի պաշտօնին մնալու հնարաւորութիւնները»։

Մինչդեռ եղած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ այսօրուայ դրութեամբ Կանցն է «Իսրայէլի մէջ ամենաշատ ժողովրդականութիւն վայելող առաջնորդը»։

Ըստ Իսրայէլի «ներքին խոհանոց»ին վերահասուներու՝ Կանցին մօտ կանգնածները կը փորձեն «համոզել Նեթանիահուի դաշինքին եւ անոր կուսակցութեան անդամներուն լքել կառավարութիւնը եւ ստիպել անոր հեռանալ իշխանութենէն», ինչը Կանցը կը դարձնէ «Նաթանիահուին փոխարինող ամենահաւանական քաղաքական գործիչը»։

 Աղբիւրը նշած է, որ Կանց քանի մը անգամ փորձած է տապալել Նաթանիահուն, սակայն չէ յաջողած։ Այժմ, «Նաթանիահուն քաղաքականապէս թուլացած է պատերազմէն. սա քննութիւն է, թէ արդեօք Կանցը, եւ թերեւս նոյնիսկ Կալանթը, կը կարողանան վերջապէս վերջ տալ անոր մէկուկէս տասնամեակ շարունակուող քաղաքական գերիշխանութեան», - շարունակած է թերթը:

Աղբիւրը նշած է, որ նոյնիսկ եթէ Կանցը որոշէ հեռանալ կառավարութենէն, Նաթանիահուի ղեկավարած «Լիքուտ» կուսակցութեան առնուազն 5 անդամներ նոյնպէս պէտք է դուրս գան, եւ այդ վարչապետին «մանեւրելու» (դիավարելու) առիթ կու տայ»։

Նոյն պարունակին մէջ Wall Street Journal-ը հաղորդած է, որ Նաթանիահուն Ռաֆահ ներխուժելու թուականը նշանակելով բախած է Կալանթի հակազդեցութեան, որովհետեւ Կալանթին «կը հետաքրքրէր հասկնալ՝ ինչպէս կառավարել ամերիկեան ակնկալիքները՝ առաջ շարժելէ առաջ»։

 

Վէճին ծանօթներ ըսած են, որ Միացեալ Նահանգներ «նախազգուշացուցած է Իսրայէլը Ռաֆահի դէմ գործողութիւն իրականացնելէ»։ Հետեւաբար, Կալանթ «կը զգուշանար Ուաշինկթընի հետ Թէլ Աւիւի յարաբերութիւնները վնասելէն եւ ամերիկեան ֆինանսական եւ ռազմական աջակցութեան կորուստէն»:

 

«Իսրայէլի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ֆորում»ի հիմնադիր Ամիր Աւիւին ընդգծած է, որ «վարչապետին համար շատ դժուար է ստիպել բանակը ընել իր ուզածը, եթէ պաշտպանութեան նախարարը անոր դաշնակիցը չէ», եւ, հետեւաբար, անոնց (Նաթանիահուի եւ Կալանթի) միջեւ համաձայնութեան բացակայութիւնը «չափազանց կը դժուարացնէ Նաթանիահուի գործը»։