Օրերս ուրախալի լուր մը ստացանք Պէյրութէն։
Հայ Կաթողիկէ համայնքի երիտասարդ միաբան հայրերէն՝ Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան նշանակուած է Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանի հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ վարիչ ժողովրդապետի պաշտօնին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն , ուր մասնաւորապէս գրուած է`
Այսօր՝ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին օրը, Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը կ՚անուանէ Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանը, իբրեւ վարիչ՝ ժողովրդապետ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ։
Ժողովրդապետութեանս անունով կը շնորհաւորենք Հայր Սահակը, մաղթելով անոր արեւշատութիւն եւ բարի Հովիւի օրինակով աստուածահաճոյ առաքելութիւն։
Ինչպէս նաեւ կու գանք շնորհաւորելու ձեր բոլորը, սուրբ Զատկուան տօնին առիթով։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց