Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան «Պահպանութեան ծառայութիւն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութենէն յայտնած են, որ Հին Խնձորեսկի 17-րդ դարու Անապատ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ կատարուող պեղումներու ընթացքին արձանագրուած է հերթական բացայայտումը։
Եկեղեցւոյ խորանին առջեւ բացուած է տապանաքար, որուն վրայ գրուած է. «Այս է տապան Աստուածաբան Խաչատուր վարդապետի| ՌՃՀԸ (1729 թ.)»։
Անապատ եկեղեցին միջնադարուն եղած է գրչութեան եւ հոգեւոր մշակոյթի կարեւոր կեդրոն։ Ճարտարապետական կառուցուածքով ան ուղղանկիւն յատակագիծով թաղածածկ սրահ է՝ կիսաշրջանաձեւ խորանով, որուն երկու կողմերը կը գտնուին զոյգ աւանդատուներ։ Եկեղեցւոյ թաղակապ ծածկը ամբողջութեամբ փլուզուած է, սակայն պահպանուած են արեւելեան պատին մէկ հատուածը եւ հիւսիսային մուտքը՝ կամարակապ բարաւորով։
Պեղումները կը կատարէ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը։ Արշաւախումբի ղեկավարն է հնագէտ Արտաւազդ Զաքեան։ Պեղումները պիտի շարունակուին մինչեւ Սեպտեմբեր 14-ը։

